ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- 11 Մայիսին կայացած Միասնական ղեկավարմար նիստին ընթացքին յայտարարութիւն կատարեց ՀՅԴ ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը:
Անոր համաձայն, Հայաստանի մէջ զօրաւոր կերպով արմատ նետած է դրամի իշխանութիւնը, այդ պատճառով ալ՝ «բիւրոկրատիան յաղթեց դեմոկրատիային»:
«Ընտրակեղծիքների մեքենայ է գործում: 99 տոկոսով մեծամասնական ընտրակարգով յաղթել են նոյն մեթոտներով, փաստ է», հաստատեց Ռուստամեանը: Ան աւելցուց, որ հասած է հանգրուանը, երբ ժողովուրդը պէտք է սթափի եւ հասկնայ, որ կարելի չէ իշխանութեան ձեռքին գործիքի վերածուիլ։
Յիշեցնենք, որ մեծամասնական կարգով ՀՅԴի թեկնածուներէն յաղթած էր միայն մէկ անձ՝ Արայիկ Գրիգորեանը, թիւ 18 ընտրատարածքին մէջ, որուն սատարելու մասին յայտարարութիւն կատարած էր Հանրապետական կուսակցութիւնը:
Ռուստամեանի համաձայն, իշխանութիւնները չեն կրնար ժխտել այն իրողութիւնը, որ ընտրական կեղծիքներ տեղի ունեցած են։ Բայց եւ այնպէս, իշխանութիւնները պիտի փորձեն իրենք զիրենք արդարացնել, դիտել տուաւ Ռուստամեան։ «Եղել են, բայց չեն ազդել ընտրութիւնների արդիւնքների վրայ: Որպէսզի փաստենք, որ ազդել է, չունենք հասարակական համապատասխան համակարգ»:
Հակառակ այս բոլորին, դաշնակցական գործիչը լաւատես է. «Մենք գտնում ենք, որ կը գայ մի օր, երբ ընտրութիւնների միջոցով կը ձեւաւորենք իշխանութիւն, եւ ժողովուրդն էլ կը հասկանայ, որ ընտրակաշառքով չպէտք է գնայ ընտրութեան»:
«Մենք յուսալքութեան մէջ չենք», հաստատեց Արմէն Ռուստամեան եւ կոչ ուղղեց այսօրուըէ իսկ զգաստանալու ու պայքարելու ընտրակեղծիքներու դէմ: Անոր համաձայն, այս իրավիճակին մէջ ամէնէն կայունը ՀՅԴի ընտրական հաւաքականութիւնն է, բայց եւ այնպէս հակակշիռ կարելի է ունենալ յաղթանակով։
«Այդ հակակշռումը, դժբախտաբար, երբեք չենք ունեցել, ոչ անցեալում, ոչ էլ հիմա», ըսաւ ՀՅԴ ներկայացուցիչը:
«Սա համընդհանուր խնդիր է, սա մեր պարտութեան խնդիրը չէ», ըսաւ ան եւ յորդորեց նախագահական ընտրութիւններուն ատեն աւելի կազմակերպուած ըլլալու ու լաւ աշխատելու:
«Այդ ընտրութիւններում մեծամասնական կարգով առաջադրումներ չկան, իսկ իշխանութիւնների համար վերարտադրուելն աւելի դժուար է լինելու», ըսաւ Ռուստամեան։ Ան աւելցուց, որ իշխանութիւնը արդէն իսկ այդ ընտրութիւններուն համար ալ ընտրական կեղծքիներու կը պատրաստուի։ Այդ պատճառով ալ, Ռուստամեանի համաձայն, Դաշնակցութիւնը պատրաստ է համագործակցելու բոլոր ընդդիմադիր ուժերուն հետ: