ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- 9 Մայիսն Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաք Ճաքարթայի մօտ ցուցադրական թռիչք կատարելու ատեն ջախջախուած է «Սուխօ սուփըրճէթ-100» մարդատար օդանաւը: Օդանաւի ութ հոգի կազմող անձնակազմը, ինչպէս նաեւ 40 ճամբորդներ զոհուած են:
«Հրապարակ»ը կը գրեէ, թէ այս դէպքը յատկանշական է այն հանգամանքով, որ «Սուխօ սուփըրճէթ-100»ը Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք ռուսական արտադրութեան առաջին մարդատար օդանաւն է: Այդ օդանաւի առաջին պատուիրատուն եւ օգտագործողը եղած է Հայաստանի ազգային փոխադրութեան «Արմաւիա» ընկերութիւնը, որ նման օդանաւ մը՝ «Էուրի Կակարին» անունով, Հայաստան բերած է շուրջ տարի մը առաջ։ Ան նաեւ համաձայնագիր ստորագրած է «Սուխօ» ընկերութեան հետ՝ այդպիսի քանի մը օդանաւ եւս գնելու գծով։
Միջազգային ճանաչում չունեցող այս օդանաւին աղէտը կրնայ հարցականի տակ դնել զայն ապագային օգտագործելու նպատակայարմարութիւնը։ Այս բոլորին լոյսին տակ, «Արմաւիա» ընկերութիւնը եւս պէտք է բացատրութիւններ տայ։ Նշենք, որ «Սուխօ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնը Միխայիլ Պօղոսեանն է: