ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- 2 Մայիսին,
Կոտայքի մէջ տեղի ունեցած է Մարմարիկի ջրամբարի բացման արարողութիւնը:
Մասնագէտներուն գնահատականով, կիսաքանդ վիճակի մէջ գտնուող Մարմարիկի ջրամբարը մեծ վտանգ կը սպառնայ յարակից տարածքի շուրջ 142 հազար բնակչութեան: Աւելի մեծ վտանգի կը ներկայացնէ ջրամբարի կազմին մէջ ներառուած փապուղին:
Ջրամբարը կարելիութիւն պիտի տայ կանոնաւորելու Մարմարիկ գետին հոսքերը, որոնք գարնանային վարարումներուն ընթացքին սովորաբար մեծ վնասներ կը հասցնէին: Ըստ պատասխանատուներուն, տարուած աշխատանքներուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ Մարմարիկի ջրամբարը լաւապէս օգտագործել, ոռոգել Կոտայքի մարզի 1055 հեքթար հողատարածք (Մեղրաձոր, Աղաւնաձոր, Մարմարիկ, Արտաւազ, Հրազդան շրջաններուն մէջ) մօտ 9 միլիոն խորանարդ մեթր ջուրով: æուր կը հոսի նաեւ (շուրջ 14 միլիոն մ3) Արտաշատի ջրանցքին մէջ, նաեւ ջուր կը մատակարարուի Սեւանի ջրելեկտրակայանին՝ տարեկան շուրջ 21 միլիոն քիլօուաթ/ժամ ելեկտրականութիւն արտադրելով: Ջրամբարը պիտի լեցուի եւ սկսի գործել այս տարուան գարնան։