ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի, Արցախի, æաւախքի ու Սփիւռքի 300 ուսուցիչներ «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ պարգեւատրուեցան՝ իւրաքնաչիւրը 200 հազարական դրամով: Այս նպատակով տրամադրուած ընդհանուր գումարը կը կազմէ 150 հազար տոլարի համարժէք դրամ: Այս մասին պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին լրագրողներուն ըսաւ Կարէն Կարապետեանի գրասենեակի ղեկավար Արտակ Ճաղարեանը:
Ան նշեց, որ ուսուցիչներու ցանկը իրենց տրուած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ։ Ցանկերուն վրայ եղողներուն մէջ Հայաստանէն նկատի առնուած են մայրաքաղաքի եւ տարբեր մարզերու դպրոցներու ուսուցիչներ. Հայաստանէն պարգեւատրուած են 170 ուսուցիչ՝ 2/3ը մարզերէն։
«Արագ թեմփերով զարգացող աշխարհում զարգացած պետութիւն ունենալու առանցքային գրաւականներից մէկը որակեալ ու միջազգային չափանիշներին համապատասխան կրթութիւնն է: Ինչպէս ասում է Կարէն Կարապետեանը, ի տարբերութիւն բնական ռեսուրսներ ունեցող երկրների, մենք չունենք աւելի լաւ ռեսուրս, քան մարդկայինն է, հետեւաբար պէտք է աքթիւացնենք մեր մարդկային ռեսուրսները: Ամէն մարդ իր երկրում պէտք է կարողանայ բարձրակարգ կրթութիւն ստանալ ու ունենալ համապատասխան պայմաններ այդ կրթութիւնը կիրառելու համար: Մենք ունենք կրթական լաւ աւանդոյթներ, որը պէտք է համադրենք միջազգային փորձի հետ», պարգեւատրման ատեն ուսուցիչներուն դիմելով ըսաւ Ա. Ճաղարեանը:
Նշենք, որ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնն ու «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամը կնքած են համաձայնագիր մը, որով կը նախատեսուի հիմնադրամին կողմէ քանի մը կրթական ծրագիրներու նիւթական տրամադրել: Առաջին ծրագիրով Հայաստանի համալսարաններուն մէջ կրթութիւն ստացող աւելի քան 200 ջաւախքցի ու արցախցի ուսանողներուն տրուած է 200 հազարական դրամ կրթաթոշակ: Ա. Ճաղարեան ըսաւ, որ ծրագիրները շարունակական պիտի ըլլան:
Հանդիսութեան ներկայ էր կրթութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, որ յայտնեց, թէ հայ ուսուցիչը այսօր մեծարուելու, գնահատուելու եւ քաջալերական խօսքեր լսելու կարիք ունի: «Սա մեծարանք է», հաստատեց նախարարը: Պարգեւատրուած ուսուցիչները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին հիմնադրամին՝ նշելով, որ նման պարգեւատրում մը ա՛լ աւելի մեծ պարտաւորութիւններ կը դնէ իրենց ուսերուն, նաեւ կու տայ եռանդ ու մղում՝ նոր սերունդի դաստիարակութեան գործը աւելի աշխոյժ կերպով տանելու։