ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան ըսաւ, որ թէեւ կը հեռանայ Հայաստանի խորհրդարանէն, սակայն պիտի չհեռանայ քաղաքականութենէն։
«Քաղաքականութիւնից իմ հեռանալու մասին լուրերը չափազանցուած են, ես մնալու եմ քաղաքականութեան մէջ: Ես ոչ միայն 23 տարուայ դաշնակցական եմ, ես նաեւ իմ հայեացքներով եւ իմ մօտեցումներով շարունակելու եմ լինել քաղաքականութեան մէջ», հաստատած է ան։
Լիլիթ Գալստեանը դիտել տուաւ, որ ինք պիտի շարունակէ սերտ կերպով համագործակցիլ քաղաքացիական հասարակութեան աշխոյժ ներկայացուցիչներու, բնապահպան գործիչներու եւ ճարտարապետական հարցերով զբաղող ու արժէքաւոր կառոյցներու պահպանման համար գործող մարդոց հետ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ քաղաքականութենէն բացի ի՞նչ ծրագիրներ ունի՝ Լիլիթ Գալստեան նշեց, որ ինք պիտի շարունակէ նախագահել «Համազգային հայ կրթական եւ մշակոյթային հիմնադրամ»ը:
«Շարունակելու եմ լինել կրթական եւ մշակոյթային դաշտում, շարունակելու եմ իմ գրական գործունէութիւնը, շարունակելու եմ նոր գրքիս վրայ իմ աշխատանքները, որը վերաբերում է անկլօ-ամերիկեան արձակին, ինչպէս նաեւ դասաւանդելու եմ Երեւանի Վալերի Պրիւսովի անուան պետական լեզուաբանական համալսարանում», ըսաւ Լ. Գալստեան: