ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 Մայիսին ընդունած է Քուէյթի շէյխա Ֆարիհա Ալ Ահմատ Ալ Ճապեր Ալ Սապահը, որ նշանաւոր է իր բարեսիրական գործունէութեամբ. ան Քուէյթի «Օրինակելի մայր» բարձրագոյն կոմիտէի նախագահն է:
Սերժ Սարգսեան ողջունած է շէյխան եւ նշած, որ Հայաստանի համար մեծ ուրախութիւն է հիւրընկալել անբասիր հեղինակութիւն վայելող նման հասարակական գործիչ մը, որ աստուածահաճոյ գործ կը կատարէ՝ թեթեւցնելով մարդոց հոգերն ու անցուկ վիճակները: Նախագահը ընդգծած է, որ առհասարակ շատ բարձր կը գնահատէ բարսիրական աշխատանքով զբաղող մարդոց գործունէութիւնը եւ կը կարծէ, թէ ո՛չ միայն Քուէյթի ժողովուրդին, այլ նաեւ աշխարհի շատ ժողովուրդներու կողմէ շէյխա Ֆարիհայի նկատմամբ մեծ յարգանքն ու ակնածանք կայ, որովհետեւ ան իսկապէս մեծ աշխատանք կը տանի։
Երկուստէք ընդգծած են, որ հայ-քուէյթեան միջպետական յարաբերութիւնները հիմնուած են երկու բարեկամ ժողովուրդներու խոր յարգանքին եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ:
Հանրապետութեան նախագահը վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ շէյխային Հայաստան այցելութեամբ նոր ու լուսաւոր էջ մը կը բացուի երկու երկիրներուն յարաբերութիւններուն մէջ։
Նշելով, որ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը դարերու պատմութիւն ունի, Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Քուէյթի իշխանութիւններուն եւ շէյխա Ֆարիհային՝ Քուէյթի հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուող դրական, ջերմ եւ բարեացակամ վերաբերումին համար: