ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունած է Ֆրանսայի մէջ Հայ նախկին ռազմիկներու ու դիմադրողներու միութեան նախագահ Անթուան Պաղտիկեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Միութիւնը մաս կը կազմէ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող (CCAF) խորհուրդին եւ աշխոյժ գործունէութիւն կը տանի՝ ի յիշատակ Երկրորդ Աշխարհամարտի հերոս Միսաք Մանուշեանի եւ անոր խումբի 23 անդամներուն:
Նախարար Յակոբեան ողջունած է հիւրերը՝ կարեւորութեամբ անդրադառնալով ֆրանսահայ համայնքի դերակատարութեան Հայաստան-Ֆրանսա պետական յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ պահելու իմաստով։ Ան շնորհակալութիւն յայտնած է ֆրանսահայ համայնքին՝ հայ ժողովուրդին վերաբերող կարեւոր իրադարձութիւնները մնայուն կերպով լուսարձակի տակ պահելու, այդ մասին լուսաբանելու, անհրաժեշտ թեմաներով ցուցահանդէսներ կազմակերպելու եւ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալելուն համար: «Համայնքը փայլուն պայքարում է հային հայ պահելու համար, հետեւողական է Հայ Դատի հարցում, սիրում է իր հայրենիքը եւ պատրաստ է անմիջապէս արձագանգել եւ օգնել Սփիւռքի նախարարութեան բոլոր ծրագրերին», նշեց նախարարը: Յակոբեան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Պաղտիկեանի ազգանուէր գործունէութեան՝ յատուկ կերպով յիշելով վերջինիս կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը յաւերժացնող յուշախաչքարի տեղադրման իմաստով:
Այնուհետեւ շնորհակալական խօսք արտասանեց Անթուան Պաղտիկեան: Ան ներկայացուց հայ կամաւորներուն մասնակցութիւնը Առաջին եւ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմներուն՝ յատուկ կերպով անդրադառնալով այն իրողութեան, որ Նափոլիոնի բանակին մէջ եւս կային աւելի քան 20 հայ բարձրաստիճան զինուորականներ։
Յուզիչ եւ խորհրդանշական էր արժէքաւոր DVD-ներ նուիրելը Հայաստանին եւ Ցեղասպանութեան թանգարանին: Անոնց մէջ ամփոփուած են 30 երկար ու դաժան տարիներու աշխատանքի արգասիքը, Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն ցաւի, սարսափի եւ արհաւիրքի արտացոլացումը հանդիսացող 100 ժամեր: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան պատուիրակութեան նուիրեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան հրապարակած «Ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ» եւ «Անի 1050» գիրքերը: