ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի ընդդիմադիր կուսակցութիւններու «Հանրային պալատ» միաւորումը կը ծրագրէ Պաքուի մէջ Մայիս 22-26ին կայանալիք «Եւրոտեսիլ 2012» երաժշտական մրցոյթի օրերուն բողոքի ցոյցեր իրականացնել Պաքուի կեդրոնական շրջաններուն մէջ, եթէ մինչ այդ իշխանութիւնները ազատ չարձակեն եօթը քաղաքական բանտարկեալներ:
Ատրպէյճանի Ժողովրդական ճակատ կուսակցութեան նախագահ Հասան Քերիմով, ատրպէյճանական «Թուրան» լրատուական գործակալութեան յայտնած է, թէ համաձայնութիւն գոյացած է տեղացի եւ արտասահմանցի հանդիսատեսներու հետ, որպէսզի մրցումի սրահին մէջ եւս բանտարկեալները ազատ արձակելու կոչեր կատարուին: