ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախկին նախարար, իսկ այժմ Հունգարիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Վիլայէթ Կուլիեւ, Թուրք-Հունգար գործարարներու միութեան կողմէ կազմակերպուած համագումարի մը ընթացքին ըսած է, որ Ատրպէյճան «բաւական ուժեղ է՝ ազատագրելու իր հողամասերը», բայց Ռուսիոյ հետ ստորագրուած համաձայնութիւնները արգելք կը հանդիսանան այդ նպատակին հասնելու զինուորական գործողութեանց առջեւ:
«Այդ համաձայնագիրին համաձայն, եթէ մենք Հայաստանի դէմ պատերազմ հռչակենք, 5 թրքախօս հանրապետութիւններ պիտի ստիպուին՝ Ռուսիոյ հետ միասին, կանգնելու Հայաստանի կողքին։ Ուրեմն, կրնայ պատահիլ, որ մեր թուրք եղբայրները զիրար կոտորեն։ Մենք չենք ուզեր, որ այսպիսի բան մը պատահի», ըսած է ան։
Համագումարը կազմակերպուած էր քննարկելու համար «Հայաստանի կողմէ ատրպէյճանական հողերու բռնագրաւումին» վնասները՝ վերջին քսան տարիներուն ընթացքին: «Ղարաբաղը 4500 քիլօմեթր քառակուսի տարածութիւն ունի, բայց հայերը գրաւած են 12,000 քիլօմեթր քառակուսի տարածք մը։ Պատերազմներն ալ իրենց օրէնքները ունին, բայց Հայաստան չէ ճանչցած այդ օրէնքները», ըսած է ան եւ ապա նշած Ատրպէյճանի կրած «սարսափազդու» վնասները՝ զանոնք գնահատելով 60 միլիառ տոլարով։