ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութենէն կը տեղեկանանք, որ փորձելով արդարացնել Մայիս 10ին ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) հակա-ահաբեկչութեան հարցերով զբաղող կոմիտէներու զեկոյցներուն քննարկման ընթացքին՝ նիստը նախագահող Ատրպէյճանին անընդունելի գործելաոճը՝ ատրպէյճանական կողմը տարածած է հերթական սուտ մը՝ յայտնելով, որ ինք չէ խախտած ԱԽ ընթացակարգին կանոնները:
Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը կը նշէ, որ Մայիս 10ի առաւօտեան (այլ ոչ թէ նիստի աւարտէն քանի մը վայրկեան առաջ, ինչպէս կը ներկայացնէ ատրպէյճանական կողմը), հայկական կողմը գրաւոր եւ ապա բանաւոր ձեւով պահանջած է ելոյթ ունենալու իր իրաւունքը:
Ատրպէյճանը, խախտելով ընթացակարգը՝ մերժած է այդ պահանջը, որուն իբրեւ հետեւանք, Հայաստանի պատուիրակութիւնը դիմած է ԱԽ անդամներուն՝ մատնանշելով, որ ատրպէյճանական նախագահութիւնը կը խախտէ ընթացակարգին այդ կանոնը, որուն համաձայն՝ ԱԽի ոչ-անդամ երկիր մը կրնայ նիստին ընթացքին ելոյթ ունենալ ԱԽ անդամներուն որոշումով, այլ ոչ թէ նախագահողին քմահաճոյքով:
Այս առթիւ, ԱԽ անդամները նախ բացատրած են, եւ ապա ստիպած են Ատրպէյճանը, որ ենթարկուի ընթացակարգին եւ խօսք առնելու իրաւունք տայ Հայաստանի ներկայացուցիչին: Վերջինս իր խօսքը սկսած է շնորհակալութիւն յայտնելով ԱԽ անդամներուն՝ ելոյթ ունենալու հնարաւորութեան համար:
«ԱԽ ընթացակարգի կանոններուն չտիրապետելուն իբրեւ հետեւանք՝ Մայիս 10ին տեղի ունեցած այս միջադէպով, ինչպէս նաեւ Մայիս 3ին մամլոյ ներկայացուցիչներու հետ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն ունեցած ո՛չ մրցակից հանդիպումով եւ Մայիս 4ին ՄԱԿի մէջ Ի. Ալիեւի ունեցած տխրահռչակ ելոյթով, Ատրպէյճանը, ԱԽի իր նախագահութեան շրջանը դեռ չաւարտած՝ արդէն մեծապէս հիասթափեցուցած է ԱԽի անդամ երկիրները, ՄԱԿի քարտուղարութիւնը եւ ԶԼՄները», կը նշուի ՄԱԿի մօտ Հայաստանի ներկայացուցչութեան յայտարարութեան մէջ: