ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Նախագահ Սերժ Սարգսեան 15 Մայիսին Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ մասնակցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) խորհուրդի յոբելեանական նիստին, որ նուիրուած է Հաւաքական անվտանգութեան վերաբերող պայմանագիրի ստորագրութեան 20ամեակին եւ ՀԱՊԿի ստեղծման 10ամեակին:
ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները անդրադարձած են միջազգային արդի խնդիրներուն, համաշխարհային ու տարածաշրջանային մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու անվտանգութեան սպառնալիքներուն հակազդելու հետագայ միացեալ քայլերուն: Քննարկուած են նախորդ տասը տարիներուն ընթացքին կազմակերպութեան տարած գործունէութեան հիմնական արդիւնքները:
Նիստի աւարտին որդեգրուած է միացեալ հռչակագիր, ուր միջազգային իրավիճակի զարգացման հիմնական ուղղութիւններուն եւ ՀԱՊԿի գործունէութեան արժեւորումը կատարուած է: Կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն ղեկավարները յիշեալ փաստաթուղթով նաեւ հաստատած են Հաւաքական անվտանգութեան վերաբերող պայմանագիրին նպատակներուն եւ սկզբունքներին նուիրականութիւնը, արտաքին քաղաքականութեան, ռազմական եւ ռազմական-արհեստագիտական բնագաւառներուն մէջ, անդրազգային մարտահրաւէրներուն եւ անվտանգութեան ու կայունութեան սպառնացող վտանգներուն հակազդելու իմաստով դաշնակցային յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ ամրապնդելու պատրաստակամութիւնը:
ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդը նաեւ որոշում տուած է կազմակերպութեան Պատուոյ նշան հաստատելու եւ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի պատուոյ գիրով պարգեւատրումներ կատարելու մասին։