ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան նախկին պատգամաւոր Ռուզան Առաքելեան, որ վերջին ընտրութիւններուն հիման վրայ դուրս մնաց խորհրդարանէն, արդէն իսկ աշխատանք գտած է. արդարեւ, ան իբրեւ դասախօս առաջարկներ ստացած է թէ՛ Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանին, եւ թէ այլ համալսարաններու կողմէ։ «Այժմ ես պէտք է ընտրութիւն կատարեմ», «Երկիր»ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնած է ան։
Մինչեւ խորհրդարանի անդամ ըլլալը՝ Ռ. Առաքելեան դասաւանդած է «Խօսքը եւ ոճը զանգուածային լրատուամիջոցներում» նիւթը, իսկ այժմ Խ. Աբովեանի անուան Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ անոր առաջարկ ներկայացուած է լրագրողական դասընթացքներ տալու։ Հաւանական է, որ ան այս ճիւղը նախընտրէ լեզու դասաւանդելէ։
Բայց անկէ, հաւանաբար, Ռ. Առաքելեան նաեւ այլ աշխատանքներ ծաւալի. «Քանի որ ես մինչ պատգամաւոր դառնալն էլ, պատգամաւոր եղած ընթացքում էլ «Երկիր մետիա» հեռուստաընկերութիւնում չէի թողել իմ խմբագրական աշխատանքը՝ կէս դրոյքով աշխատում էի նաեւ պատգամաւորութեան ժամանակահատուածում, որոշ խմբագրական գործ էի անում, մտածում եմ նաեւ վերականգնել այնտեղ գլխաւոր խմբագրի իմ աշխատանքը: Առայժմ դրանք նպատակներ են, դեռ վերջնական որոշում չեմ կայացրել: Դասախօսական աշխատանքն իմ հիմնական զբաղմունքն է եղել եւ կարծում եմ, որ կը վերականգնեմ, որովհետեւ սիրում եմ մանկավարժութիւնը», յայտնած է Ռուզան Առաքելեան:
Անոր համաձայն, իր քաղաքական գործունէութիւնը կը շարունակուի, որովհետեւ «Երկիր մետիա»ի աշխատանքը, ի վերջոյ, քաղաքական աշխատանք է: «Եթէ ժուռնալիստիկայի տիրոյթում ես գործում, եւ ժուռնալիստիկան ինքը, չորրորդ իշխանութիւն կոչուելով, ենթադրում է քաղաքականութիւն, ցանկացած մտաւորական մարդ միշտ՝ իր ներկայութեամբ, իր գոյութեամբ ու քաղաքական դաշտի նկատմամբ իր հետաքրքրութիւններով միշտ ներկայ է քաղաքականութիւնում: Իսկ եթէ առանձին առիթներ ունենամ ասուլիսների, հարցազրոյցների, բնականաբար, չեմ մերժի, միշտ իմ կարծիքը, իմ վերաբերմունքը կը յայտնեմ», նշած է ան:
Ռ. Առաքելեան դիտել տուած է, որ եթէ կուսակցութիւնը յարմար նկատէ, որ ինքը մասնակից ըլլայ որեւէ աշխատանքը, ինք անպայման կը համաձայնի։ Իսկ ընդհանրապէս, քաղաքական ներկայութիւնը ան պիտի ապահովէ հարցազրոյցներու, ասուլիսներու ճամբով, որովհետեւ այդպիսով քաղաքական գործիչը իր կարծիքը, մտայնութիւնները, մտածողութիւնն ու մտահոգութիւնները կրնայ փոխանցել հասարակութեան: