Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանէն ներս, Հայ Դատի ամսուան աշխատանքներուն բացումը կատարուեցաւ պաշտօնական հանդիսութեամբ, Ուրբաթ, Ապրիլ 27, 2012ի առաւօտեան ժամը 8:30ին:
Վարժարանի բոլոր աշակերտները՝ մանկապարտէզէն 12րդ կարգ, հաւաքուեցան շրջափակ, մարզասրահին առջեւ լսելու եւ հասկնալու համար Հայ Դատի ամսուան կատարուելիք աշխատանքներուն մասին:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց վարժարանիս բարձրագոյն կարգի աշակերտուհի Նազելի Էքիմեանը՝ աշակերտները առաջնորդելով աղօթքի ու հայկական եւ ամերիկեան ուխտերը արտասանելու: Ապա քայլերգներու ունկնդրութիւնը տեղի ունեցաւ հանգամանաւոր կերպով:
Անգլերէն լեզուով Հայ Դատի մասին հակիրճ ու ամբողջական ներկայացում մը կատարեց վարժարանիս նախակրթարանի աւարտական կարգի երկար տարիներու վաստակաշատ ուսուցչուհի Մարիա Գառնիկեան: Ան շեշտեց, որ «թէեւ աւարտեցան Ապրիլեան յիշատակի մեր հանդիսութիւնները ու աշխատանքները, սակայն անմիջապէս բոլորս լծուած ենք Մայիսեան պահանջատիրական ոգիով՝ Հայ Դատի ծանօթացման ու անոր իրագործման ի խնդիր՝ ժրաջան աշխատանքի ու նուիրումի»:
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով հանդէս եկան 10րդ կարգի աշակերտներէն փոքր խումբ մը՝ «Ելէք Հայեր» երգով, իսկ 8րդ կարգէն Անժէլիքա Կեւօղլանեան՝ Սիամանթոյի «Դարերու Վրէժ»ը բանաստեղծութենէն կարճ հատուածներով:
Հայերէնով Հայ Դատի ամսուան աշխատանքներուն մասին զեկուցեց Երկրորդականի հայերէն գրականութեան դասատու Թամար Թիւֆէնկճեան: Ան շեշտեց, թէ «Հայ Դատը Հայաստանի անկախ պետականութեան հանդէպ մեր ունեցած հաւատքն է…: Հայ Դատը մեր խլուած Անին ու Վանը ձեռք բերելու պայքարն է, Արարատը տուն դարձնելու ճամբան է, մեր քանդուած եկեղեցիներու պաշտպանութիւնն է, մեր նահատակներու անմեղ հոգիներու արդար հատուցումն է: Ինչպէս նաեւ, Հայ Դատը վաղուան Ամերիկեան խորհրդարանէն ներս Շանթին, Սանանին ու Սարգիսին ներկայութիւնն է: Հայ Դատը մարդկութեան նպաստող հայ գիտնականն է, æաւախքի գանձանակները ուսուցիչին յանձնելն է: Հայ Դատը ամէն օր աւելի հայանալն է, հայութեամբ հպարտանալն է, Շուշիի ազատագրումն է, «Դէպի Երկիր» կարգախօսն է եւ տակաւին՝ Հայ Դատը դո՛ւք էք, սիրելի՛ աշակերտներ, որովհետեւ դուք պիտի ստանձնէք այս դրօշակը եւ նոր հորիզոններ պիտի բանաք անոր առջեւ»:
Ապա վարժարանիս ժրաջան տնօրէնուհի դոկտ. Ալինէ Դուրեան իր խրախուսիչ պատգամով հանդէս եկաւ՝ բացատրելով աշակերտներուն, թէ՝ «ապագան ձեզի՛ կը պատկանի, հետեւաբար Հայ Դատի ապագան ալ ձեզի պիտի յանձնուի»: Ան աւելցուց. «Հայ Դատը մեր Ազգային գոյութիւնն է. առանց անոր կարելի չէ ապրիլ որպէս հայ: Եթէ Հայ Դատի հասկացողութիւն գոյութիւն չունենար, վստահ եղէք, որ մեր դպրոցն անգամ գոյութիւն չէր ունենար»:
Ապա աշակերտները միասնաբար երգեցին «Սարդարապատ» երգը. աւարտին, «Փիլիպոս»ի բակէն դէպի երկինք ճախրեցին ճերմակ աղաւնիներ՝ նոր կեանքի, նոր յոյսերու, յաջողութեան եւ խաղաղութեան խոստումներ տանելով իրենց հետ ամէնուրեք, ուր հայ հոգի կը թեւածէ, ուր հայ սիրտ կը բաբախէ:
Աշակերտները իրենց դասարանները բարձրացան Անոյշ եւ Ինկա Արշակեաններու «Իմ Անունը Հայաստան է» երգով: Անոնք ամբողջ օրը այդ խանդավառութեամբ ապրեցան ու խանդավառեցին նաեւ վարժարանին մթնոլորտը հայկական բարձր ոգիով ու արժանիքներով: