ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառը իր շքախումբով յաջորդաբար այցելեց Ս. Բեթղեհէմ, Ս. Աստուածածին, Ս. Յակոբ, Ս. Գէորգ եւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցիները, ապա ազգային կրթահամալիրի սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ թեմի երիտասարդութեան հետ:
Յանուն երիտասարդութեան խօսք առաւ Սելին Ղարիպեան, որմէ ետք, առաջնորդ սրբազանը հակիրճ բացատրութեամբ մը հայրապետը իրազեկ դարձուց թեմի երիտասարդական կառոյցներուն ու անոնց գործունէութեան մասին:
Արամ Ա. կաթողիկոս նախ նշեց, թէ իր հովուապետական բոլոր այցելութիւններու ընթացքին յատուկ կարեւորութիւն կու տայ երիտասարդութեան հետ իր հանդիպումներուն, նկատի ունենալով որ երիտասարդները մեր եկեղեցւոյ, ազգին եւ հասարակութեան ամենակենսական ու գործօն տարրերէն են: Վեհափառը ապա անդրադարձաւ ներկայ ժամանակներուն երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու տագնապներուն, որոնց շարքին՝ ինքնութեան, զիրենք շրջապատող սահմանափակող շրջագծերէն ու կաղապարուած մտածումներէն դուրս գալու ճիգն ու ցանկութիւնը, եւ մասնակցութեան հարցերը: Ապա, նշելով թէ համաշխարհայնացումը ունի իր իւրայատուկ ինքնութիւնը եւ արժեչափերը՝ վեհափառը կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ հարկ է քաջալերել երիտասարդութեան մասնակցութիւնը մեր կեանքին մէջ, նոր մտածողութեամբ կենսունակութիւն ներարկել մեր կառոյցներէն ներս եւ մեր արժէքներն ու աւանդութիւնները բանալ օտարներուն առջեւ՝ երիտասարդներու գործօն ու համապարփակ մասնակցութեամբ:
Վեհափառը, լսելէ ետք ներկաներուն կողմէ յարուցուած հարցերը, հանգամանօրէն պատասխանեց երիտասարդներու հարցումներուն:
Հանդիպումէն ետք, հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ «Արարատ» միութեան սրահին մէջ իրեն ի պատիւ ներկայացուած գեղարուեստական յայտագրին՝ խուռն բազմութեան մը ներկայութեամբ: