ՓԱՐԻԶ, «Նուվել տ՛Արմէնի».- Սուրիոյ Հոմս քաղաքին մէջ 57 տարեկան հայ մը՝ Րաֆֆի Քարճեան իր տան մէջ սպաննուած է անծանօթներու կողմէ: Ցայժմ Սուրիոյ հայ համայնքը՝ մասնաւորապէս Հալէպի մէջ կեդրոնացած, զերծ մնացած էր ըմբոստներու արիւնալի հարուածներէն: Երեքէն չորս հայեր մահացած էին պատահական պայթումներու հետեւանքով: Վերոնշեալ պայթումները ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենան Հալէպի եւ Տամասկոսի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.