Քորիայի Հանրապետութեան խորհրդարանի փոխնախագահ Հոն Ճաէ Հեոն Հայաստան տուած իր այցելութեան ծիրին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Քորիայի մէջ շատեր անտեղեակ են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ «Ներկայիս ամէն ինչ կ՛ընենք, ամէն տեսակ աշխատանք կը տանինք, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ամբողջական եւ հաւաստի տեղեկութիւններ փոխանցուին», դիտել տուած է ան։
Ան աւելցուցած է, որ խորհրդարանի անդամ Նահ Եօուն Մին գրած է գիրք մը, որուն առաջին մասին մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Նահ Եօուն Մին իր գիրքը լրագրողներուն ներկայացնելով՝ ըսած է, թէ նման աշխատանք մը հրապարակելուն պատճառը իր ունեցած ընդվզումն է՝ 20րդ դարու առաջին կէսին տեղի ունեցած ողբերգութիւններուն նկատմամբ: «Հրեաներուն ողջակիզումը ճանչցուեցաւ։ Կը կարծեմ, որ ողջ մարդկութիւնը նաեւ պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ամէն տարի Ապրիլ 24ին ես Դիմատետրիս վրայ կը նշեմ, որ այդ օրը Հայոց Ցեղասպանութեան օրն է», հաստատած է քորիացի երեսփոխանը։
Հոն Ճաէ Հեոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 15 Մայիսին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի հետ, ապա անոր ընկերակցութեամբ այցելած է Ծիծեռնակաբերդ: Պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ զետեղած են Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ, լռութեամբ յարգած են մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն յիշատակը, շրջագայած են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ: