17 Մայիսին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի նիստը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը կայանայ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք: Կը նախատեսուի, որ այս ժողովին Սերժ Սարգսեան կը ներկայացնէ այն պատգամաւորները, որոնք ՀՀԿ համամասնական ցանկով խորհրդարանի անդամ պիտի ըլլան:
Մինչ այդ, ՀՀԿ ցանկին մաս կազմող որոշ անձեր ներկայացուցած են հրաժարականի դիմումներ, որոնք պիտի ուղարկուին Ընտրական կեդրոնական յանձնաժողով: Ըստ սկզբնական հաշիւներուն, ՀՀԿ համամասնական ցանկին մէջ մինչեւ 115րդ դիրքը գրաւողները կրնան խորհրդարանի անդամ ըլլալ։