ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը Վրաստան գործուղած է վերականգնող ճարտարապետ մը, որ պիտի սերտէ Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ ներկայ վիճակը, տեղեկութիւններ հաւաքէ եւ արժեւորում կատարէ։
Մշակոյթի նախարարութենէն փոխանցուած լուրերուն համաձայն, այս քայլը առնուած է, որովհետեւ 13 Մայիսին փուլ եկած էր եկեղեցւոյ կից գտնուող զանգակատունը՝ վերջին օրերուն տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժներուն եւ Թիֆլիսի մէջ տեղացած յորդառատ անձրեւներուն պատճառով։
Նշենք, որ այս տարուան Յունուարին գոյացած փոխադարձ համաձայնութեան հիման վրայ, վրացական կողմը Ապրիլի վերջերուն Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան տրամադրած էր Ս. Նշան եկեղեցւոյ վերականգնման, ամրակայման նախագիծը՝ հայկական կողմին մասնագիտական կարծիքը ունենալու համար:
Նկատի ունենալով նոր իրավիճակը՝ եկեղեցւոյ կից գտնուող զանգակատան փլուզման պարագան, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը իսկոյն Վրաստան գործուղած էր հայ ճարտարապետը, որ վիճակը արժեւորելու կողքին հանդիպում պիտի ունենայ վրացի մասնագէտներուն հետ, պիտի քննարկէ ծագած հարցերը եւ մասնագիտական տեղեկատուութիւն պիտի փոխանցէ: Մասնագիտական կարծիքը նկատի պիտի առնուի ներկայացուած նախագիծի մշակման եւ վրացական կողմի հետ կայանալիք միացեալ քննարկումներուն ընթացքին։