ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի առաջնորդութեամբ տարուած ջանքերուն շնորհիւ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Պետական եւ արտաքին գործողութիւններու յատկացումներու ենթայանձնախումբը վաւերացուցած է շարք մը հայանպաստ առաջարկներ, որոնց շնորհիւ՝ Արցախի տրամադրուելիք օժանդակութիւնը կրնայ 2 միլիոն տոլարէն 5 միլիոն տոլարի բարձրանալ՝ միաժամանակ կը մերժուի Հայաստանի տրամադրուելիք օժանդակութիւնը 7.5 միլիոն տոլարով կրճատելեու նախագահ Պարաք Օպամայի առաջարկը, որպէսզի Հայաստանի տրամադրուելիք օժանդակութիւնը մնայ առնուազն 40 միլիոն տոլարի շուրջ:
Ենթայանձնախումբի ատենապետուհին է Թեքսասէն հանրապետական Քէյ Կրենճըր, իսկ անոր ամենաբարձրաստիճան դեմոկրատ ներկայացուցիչն է Նիթա Լօուի՝ Նիւ Եորքէն: Իր որոշումներուն մէջ, ենթայանձնախումբը պահանջած է պահպանել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմական օժանդակութեանց հաւասարութիւնը՝ միաժամանակ կոչ ընելով որդեգրելու այնպիսի ծրագիր մը, որ 2013ին Վրաստանին տրամադրուելիք ամերիկեան օժանդակութեան մէկ մասը ուղղակիօրէն տրամադրուի հայաբնակ æաւախքին:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան Ամերիկայի եւ յատկապէս Քալիֆորնիոյ հայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց այս առաջարկները վաւերացնելու աշխատանքին մէջ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի վճռորոշ դերակատարութեան համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ քոնկրեսականներ Սթիւ Ռաթմընին, Նիթա Լօուիին, Ֆրենք Ուլֆին, Ճեսի Ճեքսընին եւ Քէյ Կրենճըրին, որոնք նմանապէս նպաստած են այս գործին:
Այս տարուան ընթացքին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, խումբ մը հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներ, գլխաւորութեամբ Ֆրենք Փալոնի, նամակ մը յղած էին նշեալ ենթայանձնախումբի ատենապետուհի Կրենճըրին ու Նիթա Լօուիին, պահանջելով «Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող յարաբերութիւնները շարունակել՝ տնտեսական զարգացման եւ ապահովական մարզին տրամադրուելիք օժանդակութիւններով»: Հոն նաեւ կը շեշտուէր, թէ Արցախի տրամադրուելիք օժանդակութիւնը պէտք է 5 միլիոն տոլարի բարձրացուի, ինչպէս նաեւ æաւախքի հայութեան օժանդակութիւն տրամադրուի ու պահպանուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տրամադրուելիք ռազմական օժանդակութեանց հաւասարութիւնը, իսկ Հայաստանին տրամադրուի յաւելեալ օժանդակութիւն:
Այդ նամակը կարելի է կարդալ www.anca.org/assets/pdf/misc/FY13_appropriations_priorities.pdf կայքէջին վրայ: