Հոլանտական «Այաքսի» կիսապաշտպան Արազ Օզպիլիզ պիտի չմասնակցի Հայաստանի հաւաքականի յառաջիկայ ընկերական հանդիպումներուն: Ան ենթարկուած է սրունքի վիրահատութեան Հոլանտայի առաջնութեան խաղերու աւարտէն ետք:
Ֆութպոլիստը տակաւին ապաքինման հանգրուանի մէջ է եւ բուժուած պիտի չըլլայ, երբ ընկերական խաղերը կայանան, բայց եւ այնպէս, ան Յունիսին պիտի հասնի Հայաստան՝ ներկայ գտնուելու Հայաստան-Ղազախստան հանդիպման:
Նշենք, որ 31 Մայիսին Հայաստան պիտի մրցի Յունաստանի հաւաքականին հետ, իսկ 5 Յունիսին՝ Ղազախստանի: