ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, Ուրբաթ, 11 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 8ին, «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քոլեճի կիթառահարներու համոյթին ելոյթը՝ ներկայութեամբ արուեստագէտներու, արուեստասէրներու, միութենականներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Կիթառահարներու համոյթի գեղարուեստական ղեկավարն է քոլեճի կիթառի ուսուցիչ եւ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանը, որ վերամշակած է ելոյթին ներկայացուած ստեղծագործութիւնները:
Համոյթը ներկայացուց սպանական, պրազիլեան, ռուսական եւ այլ ստեղծագործութիւններ, ինչպէս՝ «Մորենիթա»ն, «Էլ Վիթօ»ն, «Լա Կիթանիթա»ն, «Մալակենա»ն: Կիթառահարներու համոյթի ելոյթը փակուեցաւ «Արիւնոտ Դրօշ» ու «Արդեօք Ովքեր Են» երգերու կատարումով: