Կիրակի, Մայիս 20ի կ.ե. ժամը 1ին, փրոֆ. Փիթըր Քաուի հիւր բանախօսը պիտի ըլլայ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ, որ կը գտնուի 6252 Honolulu Ave. La Crescenta հասցէին, դասախօսելու համար «Հայկական թատրոնի ուրուագիծ մը» նիւթին մասին, Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահէն ներս։
Փրոֆ. Քաուի ընդհանուր հայեացք մը պիտի նետէ հայկական թատրոնին վրայ, սկզբնադարերէն սկսած մինչեւ ներկայ ժամանակները։
Տոքթ. Քաուի Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըս մասնաճիւղին մէջ գործող Նարեկացիի անուան հայագիտութեան ամպիոնի վարիչն է։ Անցեալին ան հայագիտութեան դասախօս եղած է Երուսաղէմի Հրեական համալսարանին եւ Նիւ Եորքի «Քոլոմպիա» համալսարանին մէջ։ Իր ուսման հետազօտութիւնները եղած են միջնադարեան հայերու մտաւորական պատմութիւնը, ներկայի հայութեան ազգասիրութիւնը, հայկական գրականութեան արժէքը եւ հայկական շարժապատկերն ու թատրոնը։ Ան յօրինած է հինգ գիրքեր՝ Միքան Փարլաքեանի աջակցութեամբ՝ հայկական թատրոնի մասին, ինչպէս նաեւ խմբագրած է ինը հատորներ: Անոր գրութիւնները շարունակաբար կը հրատարակուին հայկական թերթերու մէջ։
Քաուի ոսկի մետալի արժանացած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարէն, նոյնպէս՝ Կարպիս Փափազեանի անուան պարգեւը՝ հայագիտութեան դասախօս ըլլալուն համար։ Ներկայիս ան իր աջակցութիւնը կը բերէ ուսումնասիրելով Հայկական համայնագիտարանը։ Ան նաեւ խնամակալ մարմինի անդամ է Համաշխարհային «Տէ Էթիւտ» կազմակերպութեան։
Փրոֆ. Քաուիի գիրքը պիտի վաճառուի Մայիս 20ի ձեռնարկին։ Կը հրաւիրենք գաղութի ժողովուրդը, որ մասնակցի այս հետաքրքրական տեղեկութիւններով լեցուն դասախօսութեան։
Տէր եւ Տիկին Պետրոս եւ Ֆլօր Իզանեանները կը հովանաւորեն Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած այս ճոխ յայտագիրը։ Մուտքը ազատ է եւ հիւրասիրութիւն պիտի ըլլայ յաւարտ Ս. պատարգի, որ կը սկսի առաւօտեան ժամը 11ին, Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանի հովուական ծառայութեամբ։
(Թղթակցութիւնը՝
յանձնախումբէն)