«ԱՆՑԵԱԼԸ ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԻՄՆԱՔԱՐՆ Է»
Եղբայր Զաքար Չորպաճեան ՀՄԸՄին անդամակցած է 1945ին, իբրեւ երէց սկաուտ: Երկու տարի իր բնակած Թրատի շրջանին մէջ (Պուրճ Համուտ) սկաուտ խմբապետի պաշտօնը վարելէ
ետք, 1950ին ան ընտրուած է ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ: 25 Տարիներ շարունակ Չորպաճեան մաս կազմած է մասնաճիւղի ֆութպոլի խումբերու յանձնախումբերուն եւ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած է անոնց արձանագրած յաջողութիւններուն: Այս միջոցին, ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը երեք անգամ շահած է Լիբանանի Բ. դասակարգի ախոյեանական մրցաշարքերը, ութ անգամ՝ Լեռնալիբանանի առաջնութիւնը եւ բազմաթիւ մրցաշարքերու ընթացքին խլած է բաժակներ: 1963ին խումբը մինչեւ իսկ Ա. դասակարգ բարձրացած է:
Զաքար Չորպաճեան 17 տարի մաս կազմած է ֆութպոլի Լեռնալիբանանի դաշնակցութեան (ֆետերասիոն)՝ արժանանալով իր արաբ գործակիցներու վստահութեան եւ յարգանքին:
Ֆութպոլէն անկախ, ան աշխատած է աթլեթի մարզէն ներս: 1955ին, առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպած է Պէյրութ-Պուրճ Համուտ վազքի մրցաշարքը, իսկ 10 տարի շարունակ կազմակերպած է Պուրճ Համուտի վազքի մրցաշարքը: Ի պաշտօնէ ՀՄԸՄի Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղերու պատուիրակութիւններուն հետ ճամբորդած է զանանզան երկիրներ՝ Արեւելեան Եւրոպա, Գահիրէ, Քաթար, Յորդանան, Սուրիա: Յորդանան այցելութեան ընթացքին, ան մօտէն ծանօթացած է Հիւսէյն թագաւորին եւ արժանացած է անոր թագաւորական շքանշանին:
2003ին, Զաքար Չորպաճեան արժանանացած է ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան «Արտակարգ» պատուանշանին:
2009ին, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 34րդ մարզախաղերու Յաղթանակի պարահանդէսի մեկնարկին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային վարչութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Զաքար Չորպաճեանին կը շնորհէ «Տիպար ՀՄԸՄական-2009» տիտղոսը: Այս առիթով, ՀՄԸՄի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթը հարցազրոյց մը ունեցած էր Զաքար Չորպաճեանին հետ: Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն հարցազրոյցէն բաժիններ.
«ՄԱՐԶԻԿ».- Եղբ. Չորպաճեան, ո՞ր թուականէն սկսեալ մաս կազմած էք ՀՄԸՄին եւ ո՞ր մասնաճիւղին մէջ գործած էք:
ԶԱՔԱՐ ՉՈՐՊԱՃԵԱՆ.- 1945ին, իբրեւ երէց սկաուտ, պաշտօնապէս մաս կազմած եմ ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին, Լիբանան:
«ՄԱՐԶԻԿ».- Ծանօթ է մեզի, որ ֆութպոլը եղած է ձեր հետաքրքրութեան գլխաւոր ճիւղը. ի՞նչ կրնաք պատմել այդ մասին:
Զ.Չ.- Վերահասու դառնալով շրջանիս ֆութպոլի խումբերու անկազմակերպ վիճակին, ինչպէս նաեւ ֆութպոլի հանդէպ ունեցած մեծ հետաքրքրութիւնս եւ սէրս նկատի ունենալով, 1950ին, երբ վարչական ընտրուեցայ, ստանձնեցի Պուրճ Համուտի ֆութպոլի առաջին խումբին պատասխանատուութիւնը եւ զայն շարունակեցի քանի մը տասնամեակ:
«ՄԱՐԶԻԿ».- Ներկայիս ինչպէ՞ս կը գնահատէք ՀՄԸՄի գործունէութիւնը Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանին մէջ եւ ի՞նչ պատկերացումներ ունիք անոր ապագային նկատմամբ:
Զ.Չ.- Եթէ նկատի ունենանք Արեւմտեան շրջանէն ներս ՀՄԸՄի՝ այս եզակի կազմակերպութեան ծաւալած գործունէութիւնը՝ իր մասնաճիւղերով եւ մարզական խումբերով, ապա հարազատօրէն ու անվարան կրնամ յայտնել, թէ անիկա կը գտնուի իր արժանի եւ գնահատելի բարձրութեան վրայ, եւ կարելի չէ այդ հսկայ գործունէութիւնը ներկայացնել հարցազրոյցի մը մէջ: …Ես կը կարծեմ, որ ՀՄԸՄը, ո՛ւր ալ գտնուի, համաձայն իր նշանաբանին, պիտի բարձրանայ եւ իրեն հետ բարձրացնէ հայութեան անունը: Իբրեւ նուիրեալ ՀՄԸՄական, նկատի առած Սփիւռքի կլանող հոսանքը, մեր նոր սերունդներուն կը թելադրեմ, որ իրենց զաւակները մանուկ հասակէն անպայմանօրէն առաջնորդեն ՀՄԸՄի շարքերը, ուր մարմնամարզի կողքին՝ անոնց կը ջամբուի հայրենասիրութիւն եւ անոնց հոգիին մէջ կը դրոշմուի ազգային պարտականութիւնը: Վկայ՝ ՀՄԸՄի քայլերգը:
2003ին ստացած իր «Արտակարգ» պատուանշանին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Զաքար Չորպաճեան կ՛ըսէ. «… Ոեւէ հայու պարծանք է մաս կազմել ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին: Ինչպէս ես նուիրումով ծառայեցի, վստահ եմ, որ այսօր ալ բոլոր ՀՄԸՄականները նուիումով եւ առանց ակնկալութեան է որ կը ծառայեն: Այս մէկը արդէն մաս կը կազմէ ազգային կեանքի նշանաբանին՝ անսակարկ նուիրուիլ գործին, զոհաբերել առանց ակնկալութեան, աշխատիլ առանց փառք փնտռելու»: