ԵՐԵՒԱՆ, «Ա1+».- Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) նախագահութեան նիստին ընթացքին դոկտոր, փրոֆեսէօր, ԳԱԱի թղթակից անդամ Սեւադա Յովհաննիսեան միաձայնութեամբ վերընտրուեցաւ ԳԱԱի «Երկրաֆիզիքայի եւ ինժեներային սէյսմաբանութեան հիմնարկ»ի տնօրէն:
Սեւադա Յովհաննիսեան հետազօտութիւններ կը կատարէ յատկապէս երկրաբանութեան եւ երկրաշարժի վերաբերող խնդիրներու։ Ան 143 գիտական աշխատութիւններու հեղինակ է։