ԵՐԵՒԱՆ, «Ա1+».- Հմայեակ Յովհաննիսեան տակաւին չի գիտեր, թէ ինք Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ցանկով խորհրդարանի անդամ պիտի դառնա՞յ, թէ՞ ոչ։ Ան 15 Մայիսին հանդիպում ունեցած է «Բարգաւաճ Հայաստան»ի առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի հետ: «Ինձ դեռ չեն առաջարկել ինքնաբացարկի դիմում գրել», ըսած է Հմայեակ Յովհաննիսեան:
Ըստ անոր, ԲՀԿն տակաւին չէ քննարկած այն հարցերը եւ չէ ճշդած նպատակները, որոնց հիման վրայ կը ճշդուի, թէ Հ. Յովհաննիսեան խորհրդարան պիտի մտնէ՞, թէ ոչ։
«Գագիկ Ծառուկեանը պէտք է որոշում կայացնի իմ կամ Վարդան Օսկանեանի վերաբերեալ՝ ելնելով նրանից, թէ որքանո՞վ արդիւնաւէտ կը լինի թիմը, եթէ ես կամ Օսկանեանը քոալիսիայի նպատակայարմարութեան մասին մեր դիրքորոշումներն ունենանք», ըսած է «Քաղաքագէտների միութեան» նախագահ Յովհաննիսեանը:
Ան կը հաստատէ, որ եթէ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը ունենայ Ազգային ժողովի աթոռներուն մեծամասնութիւնը, ուրեմն ոչ անիմաստ կ՛ըլլայ համաձայնական կառավարութեան կազմութիւնը։ «ՀՀԿն պէտք է վերցնի կառավարութիւն ձեւաւորելու պատասխանատուութիւնը, իսկ քոալիսիա ձեւաւորելով նա փորձելու է քօղարկել այդ պատասխանատուութիւնը», դիտել տուած է Հմայեակ Յովհաննիսեան: Ան նաեւ վստահեցուց, որ չի պատրաստուիր յառաջիկային ԲՀԿին անդամակցելու: