ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 16 Մայիսին մասնակցած է Ստեփանակերտի մէջ նոր մանկապարտէզի շէնքի հիմնարկէքի արարողութեան: Նախագահը կարեւոր նկատած է մայրաքաղաքին մէջ ժամանակակից պայմաններուն համապատասխանող նախադպրոցական հաստատութեան կառուցումը՝ զայն լաւ հիմք ծառայելով մատաղ սերունդի զարգացման, դաստիարակութեան եւ ժամանցի պատշաճ կազմակերպման համար:
Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է բարերար Սէյրան Կարապետեանին՝ այս կարեւոր կառոյցի շինարարութեան նիւթականը հոգալուն համար: