ԵՐԵՒԱՆ, «Թրե»չ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 16ին հանդիպում մը ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանի հետ: Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը տեղեկանանք, թէ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են արտաքին քաղաքականութեան եւ այդ ոլորտին մէջ հայկական երկու պետութիւններու փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Վասիլի Աթաճանեան: