ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան 16 Մայիսին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Քուէյթի դեսպան Պասսամ Մուհամետ Ալ Քապանտիի հետ: Քննարկումի նիւթ եղած են կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան վերաբերող խնդիրներ՝ միացեալ ծրագիրներու իրականացման եւ երկկողմանի կապերու ամրապնդման ծիրին մէջ: Ողջունելով դեսպանը՝ նախարարը կարեւոր նկատած է երիտասարդ մասնագէտներու որակեալ կրթութեան եւ մրցունակութեան խնդիրը: Յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ կրթական, գիտական եւ մշակութային ուղղուածութեամբ արաբագիտութեան կեդրոնի հաստատման եւ Երեւանի մէջ արաբերէնի մասնագիտական ուսուցում փոխանցող աւագ դպրոց հիմնելու կարելիութեան:
Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարին ընդունելութեան համար եւ նշած, որ Հայաստանն ու Քուէյթը տարբեր բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան մեծ հեռանկարներ ունին՝ աւելցնելով, որ յատկապէս կրթութեան մարզը այս իմաստով առաջատար կրնայ ըլլալ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ երկու պետութիւններուն միջեւ կրթութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան հաւանական յուշագիրի ստորագրութեան եւ բարձրագոյն կրթութեան մարզին մէջ կրթաթոշակ տրամադրելու ծրագիրներու մշակման կարելիութեան։