ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Երեքշաբթի, Մայիս 15ին կայացած երդման արարողութենէն ետք, Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեանց ընթացքին յաղթանակ արձանագրած Ֆրանսուա Հոլանտ ստանձնեց երկիրին ղեկը՝ դառնալով երկիրի հինգերորդ հանրապետութեան 7րդ նախագահը: Ան յայտարարեց, որ կը գիտակցի, թէ երկիրին առջեւ ծառացած են լուրջ խնդիրներ, որոնց շարքին՝ ամավարկի բացը ու տնտեսական դանդաղ աճը:
Հոլանտ աւելի ուշ վարչապետ նշանակեց Ժան Մարք Այրոնը եւ ապա մեկնեցաւ Պերլին, ցոյց տալու համար, թէ մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ ֆրանս-գերմանական ամուր յարաբերութիւններուն, հակառակ տնտեսական ճգնաժամէն դուրս գալու միջոցին շուրջ իր ու Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքելի միջեւ տարակարծութեանց:
Նշենք, որ Հոլանտի երդման արարողութեան հրաւիրուած սահմանափակ թիւով հիւրերուն շարքին էր Ֆրանսայի հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Նորվան եպս. Զաքարեան: