ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Մայիս 16ին, ռուսական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ քննադատեց արեւմտեան երկիրները, որոնք շարունակաբար կը քննադատեն սուրիական ապահովական ուժերուն արարքները, սակայն չեն դատապարտէր խաղաղ բնակչութեան վրայ զինեալ ընդդիմութեան գործած բռնարարքները: Ան աւելցուց, թէ արտաքին ուժերու աջակցութիւնը վայելող սուրիացիներ եւ օտար վարձկաններ պատասխանատու են երկիրը քաոսային վիճակի մատնելու միտող յարձակումներու՝ աւելցնելով, թէ ապահովական ուժերը ձերբակալած են քանի մը օտարահպատակ վարձկաններ:
Նոյն օրը, ՄԱԿի աղբիւրները հաղորդեցին, թէ կարելի եղած է ապահովել ՄԱԿի վեց դէտերու ապահովութիւնը, անոնց վրայ մէկ օր առաջ տեղի ունեցած յարձակումէն ետք, զանոնք Համա քաղաքը փոխադրելով:
Հրթիռային յարձակումին հետեւանքով, անոնց փոխադրակառքերը վնասներ կրած էին, սակայն դէտերը անվնաս մնացած են:
Յարձակումը, որ երկրորդն է իր տեսակին մէջ, խստօրէն դատապարտուեցաւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի կողմէ:
Նաեւ, «Ուաշինկթըն Փոս»չ գրած է, թէ սուրիական ընդդիմութիւնը՝ «Ուաշինկթընի հետ համագործակցաբար, Ծոցի երկիրներէն զէնքեր կը ստանայ»:
Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Մտահոգիչ են վերջին շրջանին զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ յայտնուած այն տեղեկութիւնները, որոնք ցոյց կու տան սուրիական ընդդիմութեան հետ կապերը՝ այսպէս կոչուած Քոսովոյի հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ: Խօսքը միայն գործող վարչակարգի տապալման ուղղուած անջատողական շարժման կազմակերպման հարցին մէջ «փորձառութեան փոխանակման» չի վերաբերիր, այլ նաեւ՝ Քոսովոյի տարածքին մէջ սուրիացի զինեալներու պատրաստութեան»:
Միւս կողմէ, լիբանանեան «Ճումհուրրիա» թերթը կը գրէ, թէ երկու դէպքեր կրնան մեծ ազդեցութիւն ունենալ սուրիական տագնապի ապագային, ինչպէս նաեւ ամբողջ շրջանի կացութեան վրայ: Առաջին զարգացումը՝ Սուրիոյ մէջ կալանաւորուած թուրք լրագրողներուն եւ մասնաւորաբար Թուրքիոյ իսլամական շրջանակներուն մէջ մեծ համբաւ վայելող Ատամ Էօզքիւսի ազատ արձակման գծով՝ իրանեան միջնորդութեան յաջողութիւնն է:
Էօզքիւսի ազատ արձակումը կրնայ Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ որոշ հաշտութեան առաջնորդել, մանաւանդ որովհետեւ Անգարայի մէջ սկսած է զարգանալու այն համոզումը, թէ մօտիկ ապագային սուրիական վարչակարգը տապալելը անկարելի է, որովհետեւ Սուրիոյ նկատմամբ ամերիկեան եւ եւրոպական կեցուածքներուն մէջ կարեւոր շրջադարձեր նկատուած են վերջերս:
Կ՛ըսուի, թէ Թեհրան Անգարայէն խոստում ստացած է Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիի ստեղծման կամ զինուորական միջամտութեան գաղափարներէն հրաժարելու մասին, փոխան՝ Իրանի կողմէ իրանեան հիւլէական թղթածրարին լուծման մէջ Թուրքիոյ միջնորդի դեր տալուն:
Երկրորդ զարգացումը՝ Մայիս 23ին, Պաղտատի մէջ Իրանի հիւլէական թղթածրարի շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքին յառաջդիմութեան ակնկալիքն է, որ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ ամերիկեան եւ եւրոպական կեցուածքներուն վրայ. բան մը, որուն ցուցանիշերը արդէն սկսած են ի յայտ գալու, մասնաւորաբար՝ Դամասկոսի մէջ Մայիս 10ին տեղի ունեցած երկու ականահարումներէն ետք: