ԱԹԼԱՆԹԱ.- Աթլանթայի նահանգապետարանի, Ապրիլի 24ի հաւաքոյթին հայերու հետ մասնակցեցան եւ զեկոյցներով հանդէս եկան շարք մը քաղաքական գործիչներ, դատաւորներ, իրաւաբաններ, պետական պաշտօնեաներ:
Աւանդական բազմամարդ հաւաքի բացումը կատարեց իրաւաբան Վարդուհի Աղասարգիսեան-Ճինեանը, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն իրենց երկար տարիներու անսակարկ աջակցութեան եւ ներկայութեան համար, ներկայ հայ համայնքին, Ամերիկայի Հայ Դատի Աթլանթայի մասնաճիւղին, Ամերիկեան-Հայկական միութեան եւ բոլոր հայ համայնքի կողմէ:
Հայկական Ցեղասպանութեան մասին խօսելով Վ. Աղասարգիսեան-Ճինեան նշեց, որ հայերը վրէժ չեն պահանջեր, քանի որ հաւատացեալ քրիստոնեաներ են եւ գիտեն ներել, սակայն ծարաւ են արդարութեան եւ այլեւս չեն կրնար լռել, որովհետեւ միայն անցեալը յիշելով կրնանք վստահ ըլլալ որ ապագային նման ցեղասպանութիւններ չեն կրկնուիր:
Հանդիսութիւնը սկսաւ յայտնի քաղաքական գործիչ Մայքըլ Լենկֆըրտի յուզիչ բացման աղօթքով:
Ծերակուտական Վինսընթ Փորթ երրորդ տարին ըլլալով ներկայացուց Ցեղասպանութեան հռչակագիրը, որմով ծերակոյտը հաստատեց Ապրել 24ը Ցեղասպանութեան օր՝ ի յարգանք 1.5 միլիոն երիտասարդ թուրք կառավարութեան վայրագ ջարդի զոհերուն:
Հռչակագիրը յանձնուեցաւ Աղասարգիսեան եղբայրներուն:
Նահանգի տան փոխնախագահ եւ ներկայացուցիչ Ռաշատ Թէյլըր ներկայացուց այն հռչակագիրը, որ կը յարգէ Հայկական Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը եւ Ապրիլի 24ը կը յայտարարէ Ցեղասպանութեան օր: Հռչակագիրին մէջ գրուած է. «Թրքական կառավարութիւնը կոտորելով 1.5 միլիոն հայեր՝ կը փորձէր արմատապէս ոչնչացնել ամբողջ հայ ազգը»:
Ներկայացուցիչներու տան հռչակագիրը եւս յանձնուեց Աղասարգիսեան եղբայրներուն:
Ռաշատ Թէյլըրը նաեւ ներկայացուց երեսփոխական Հենրի «Հենք» Ճանսընի Ուաշինկթընէն ուղարկուած նամակը ի յարգանք 1.5 միլիոն նահատակներու յիշատակին: Անոր մէջ կը շեշտուի, որ ամբողջ աշխարհի ժողովրդները իրենց յարգանքը կը մատուցանեն Մեծ Եղեռնի 97րդ տարելիցի առթիւ:
Պատուաւոր հիւր Գերագոյն ատեանի դատաւոր Թելմա Մուր իր յուզիչ խօսքով յիշեց Մեծ Եղեռնի զոհերի յիշատակը: «Եթէ չդատապարտենք մեղադրեալները, ապա միշտ ականատես պիտի ըլլանք աննկարագրելի տառապանքներու եւ արհաւիրքներու: Ցեղասպանութիւնը կանխելու համար հարկ է ճանաչնալ անցեալի ցեղասպանութիւնը», ըսաւ ան իր խօսքին մէջ:
Ապա երեսփոխան Ճան Լուիզի նամակը ներկայացուց յայտնի քաղաքական գործիչ, փրոֆեսէօր Մայքըլ Լենկֆըրտ:
Աթլանթայի նախկին քաղաքապետ Պիլ Քեմբըլ ներկայացուց յարգարժան քաղաքապետ Քասիմ Ռիտի հռչակագիրը, որուն մէջ նշուած է, որ Ապրիլ 24ը ընդունուած է որպէս Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակի օր՝ ի յարգանք անմեղ նահատակներուն:
Պիլ Քեմբըլ եզրափակեց իր խօսքը կրկին շեշտելով ամենակարեւոր այն փաստը, որ անկարելի է կանխել ցեղասպանութիւնը առանց ցեղասպանութեան փաստը ընդունելու, եւ որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պէտք է ընդունի եւ հաստատէ զայն:
Ֆուլթընի շերիֆ չիֆ Թէօտոր Ճեքսըն իր յարգանքի խօսքով ցաւակցեցաւ Մեծ Եղեռնի նահատակներու յիշատակը:
Իրաւաբան Ճասթըն Թիպընի ներկայացուցած քաղաքապետական Խորհուրդի նախագահ Սիզըր Միչըլի հռչակագիրին մէջ նշուած է, որ քաղաքապետական խորհուրդը կը յարգէ 1.5 միլիոն հայ նահատակներու յիշատակը:
Մէյճըր Ռիչըրտ Մէյսըն Աթլանթա քաղաքի ոստիկանապետ չիֆ Ճորճ Թըրնըրի կողմէ, իր յարգանքի խօսքով ցաւակցեցաւ Մեծ Եղեռնի նահատակներու յիշատակին:
Հայ Դատի Ճորճիայի մասնաճիւղի փոխնախագահ, ՀայԱմերիկեան միութեան ատենապետ, Հայկական Առաքելական եկեղեցւոյ ծխական խորուհրդի ատենապետ, իրաւաբան Սարգիս Աղասարգսեան իր շնորհակալութեան խօսքը յայտնեց բացառիկ հիւրերուն անոնց տարիներու ընթացքին ցուցաբերած մասնակցութեան, նուիրուածութեան եւ սրտի ցաւով Մեծ Եղեռնի արհաւիրքը զգալու, անկարելին կարելի դարձնելու, եւ իրենց ծառայութիւնները հաճոյքով մատուցելուն համար:
«Այսօր երեք հարցում ունիմ. Արդեօ՞ք հայերը երբեք խօսած են վրէժի մասին: Արդեօ՞ք հայերը երբեք ցուցադրած են ատելութիւն թուրքերուն դէմ: Արդեօ՞ք հայերը այսօրուան թուրքերը եւ թրքական կառավարութը կը մեղադրեն Հայկական Ցեղասպանութիւն գործելու մէջ», ըսաւ Աղասարգիսեան՝ աւելցնելով. «Ես ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգ եմ երկու ծնողներուս կողմէ: Լսած եմ շատ պատմութիւններ ե՛ւ ցեղասպանութիւնը վերապրողներէն, եւ՛ պատմական փաստերէն, որոնք հիւանդագին աստիճանի աննկարագրելի են, որոնցմէ սիրտդ անվերջ կու լայ»:
Ձեռնարկին փակումը կատարեց դոկտոր Վարդուհի Աղասարգիսեան-Ճինեան, իսկ փակման աղօթքով հանդէս եկաւ Տերել Ուիլեամզ: