ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, 14 Մայիսի առաւօտուն, իսլամական մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան կազմակերպութեան կեդրոնին մէջ կայացաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան 5րդ համագումարը՝ յաջորդական նիստերով:
Բացման եւ բոլոր նիստերուն նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Բացման նիստին նախագահեցին եւ ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Կեդրոնի ուսուցման եւ գիտահետազօտման հարցով օգնական դոկտ. Մոհամմետ Թեհշիրի, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, իսլամական դաւանանքներու մերձեցման համաշխարհային կեդրոնի տնօրէն Այաթոլլա Թասխիրի, իսլամական մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան կազմակերպութեան նախագահ դոկտ. Մոհամմատբաղեր Խոռամշատ: Այս բաժինի եզրափակիչ խօսքով իր պատգամը տուաւ վեհափառ հայրապետը:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամին մէջ շեշտեց, թէ «երկխօսութիւնը այսօր հրամայական անհրաժեշտութիւն է մեր բոլորին համար. սակայն, համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ մենք պէտք է երկխօսութենէն անդին՝ մտածենք միասին ապրելու, խաղաղ ապրելու, ներդաշնակօրէն գոյակցելու ազդու միջոցներու մասին: Այսօրուան մեր նիստին ընդհանուր բնաբան ընտրած էինք՝ «կրօնը եւ բարոյական արժէքները եւ թէ ի՞նչ է կրօնի դերը՝ բարոյական արժէքներու տարածման մէջ»: Ապա վեհափառը բացատրեց, թէ «կրօնն ու բարոյական արժէքները տարբեր բաներ չեն. բարոյական արժէքները կրօնի էութիւնն իսկ են»:
Վեհափառ հայրապետի խօսքէն ետք կայացան երեք նիստեր, որոնց ընթացքին դասախօսները քննարկեցին կրօնի եւ բարոյական արժէքներու տարբեր ոլորտները:
Նշենք, թէ յիշեալ նիստերու ընթացքին ելոյթ ունեցան նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Իսլամական խորհրդարանին մէջ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոպերթ Բեգլարեան, դոկտ. Այտա Յովհաննիսեան եւ դոկտ. Էմիլիա Ներսիսեան:
Յիշեալ միօրեայ համագումարի տարբեր նիստերուն նախագահեցին Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ դոկտ. Այտա Յովհաննիսեան: Համագումարին ներկայ եղան նաեւ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան, Ատրպատականի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, Իրանի մօտ Հայաստանի դեսպանը, Լիբանանի դեսպանատան հաւատարմատարը եւ Թեհրանի թեմի Պատգամաւորական ժողովի եւ ազգային մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Համագումարի աւարտին, Սեպուհ արքեպիսկոպոս անգլերէնով կարդաց համագումարի յայտարարութիւնը: Եզրափակիչ խօսքերով հանդէս եկան Արամ Ա. կաթողիկոս եւ դոկտ. Խոռամշատ: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, թէ «երկխօսութիւնը կեանքի այնպիսի ընթացք մըն է, որով մեր միտքերը, մեր կեանքը կը բանանք իրարու եւ որ մեզ կ՛առաջնորդէ ունենալու փոխադարձ ճանաչում, հասկացողութիւն ու վստահութիւն»: Ան Իրանը եւ Լիբանանը համարեց փոխադարձ հասկացողութեան եւ ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութեան հիմնական կեդրոններ:
Համագումարի աւարտին, ընդունելութիւն մը սարքուած էր ի պատիւ վեհափառ հայրապետին: