ՍԱԼԲԻ ԷԴԳԱՐԵԱՆ
Կիրակի, Ապրիլ 22ին, Ռաֆֆի Համբարեան հիւր բանախօսն էր Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ։ Ան հրաւիրուած էր դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ, բարեպաշտներուն տեղեկացնելու 21րդ դարուն ամերիկահայերու դիմագրաւած հարցերը եւ հայ ժողովուրդին ընծայուած առիթները։
Լորի Մանճիքեան ծանօթացուց Ռաֆֆի Համբարեանը՝ իբրեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործունեայ անդամ, որ նուիրուած է հաւատարմօրէն ծառայելու իր ազգին։
Համբարեանի բացման խօսքը եղաւ այն, որ անկարելի է բաժնել հայը իր հաւատքէն եւ յոյսէն ու աղօթելու կարողութենէն, մանաւանդ՝ դժբախտութեան եւ ցաւի մէջ։ Իր անձնական հաւատքին մասին խօսելով՝ ան յիշեց, թէ շատ յարմար առիթ է, որ ինք այսօր կը գտնուի խօսելու Ազգ. առաջնորդարանին մէջ, քանի որ ճիշդ այստեղի մատուրը եկած էր աղօթելու, երբ իր մօրը մահուան լուրը ստացած էր անցեալ տարուան վերջաւորութեան։
Ռաֆֆի Համբարեան, օրինակ բերելով՝ յիշեց երիտասարդ լեհ պատանի մը՝ Քերըլ Ուաթիլա անունով, որ կ՛աղօթէր, երբ Գերմանիոյ զօրքը կը յարձակէր Լեհաստանի վրայ, Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին: Երբ մէկը իրեն մօտենալով հարցուցած էր, թէ ինչո՞ւ կ՛աղօթէր, փոխանակ պայքարելու, անոր պատասխանը եղած էր՝ առանց հաւատքի մէկը չի կրնար յոյս ունենալ։ Այս երիտասարդը բոլոր աշխարհին ծանօթ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը եղաւ։
Համբարեան յիշեց, թէ անարդարութեան դէմ՝ արդարութիւնը կրնայ յաջողիլ, եթէ մեր նոր սերունդը մասնակցի Հայ Դատի պայքարին, որ ամենամեծ եւ արագ աճող յանձնախումբը եղած է Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ պէտք է անհրաժեշտ ժողովրդավարական օրէնքները օգտագործենք՝ ի նպաստ մեր շահերուն, բոլոր հայոց իրաւունքները պաշտպանելու եւ արդարացիօրէն պահանջելու հայ գաղութին իրաւունքները:
Հիւր բանախօսը շեշտեց, թէ Ամերիկայի կառավարութեան մէջ պաշտօնեայ դառնալը հարկաւոր է մեր ապագայ հայ սերունդին, որպէսզի իմաստուն լուծումներ յօրինելով՝ դիւրացնեն հայոց պահանջները եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը միջազգային համայնքին կողմէ։
Հայ Դատը բոլոր հայերու աջակցութեան կարիքը ունի՝ ճնշումի տակ դնելու համար Թուրքիոյ ներկայ կառավարութիւնը եւ ապահովելու, որ հայերու ընդդիմացող որեւէ կազմակերպութիւն կարողութիւնը չունենայ ուրանալու Ապրիլեան Եղեռնը։ Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայիս գործի լծուած է՝ ետ պահանջելու հայկական բոլոր եկեղեցիները Թուրքիոյ իշխանութենէն. նոյնպէս շարունակաբար աշխատանք կը տանի բարելաւելու Հայաստանի ներքին ու արտաքին կացութիւնը, ապահովելու Արցախի համաշխարհային ճանաչումը՝ իբրեւ անկախ երկիր, եւ æաւաքի հայութեան նպաստելու: Իբրեւ օրինակ, ան տուաւ æաւախքի մէջ ծրագրուած աշխատանքը՝ յատուկ ամբարներ կառուցելու, որպէսզի պարտիզպաններուն արտադրած գետնախնձորի բերքը պահպանուի՝ այսպիսով երեսունէն քառասուն տոկոսով կրճատելով իրենց կորուստը:
Նոր սերունդը կը քաջալերուի միանալու այս յանձնախումբին, որպէսզի ներկայացնէ Հայ Դատը՝ աշխատելով ամերիկեան կառավարութեան տարբեր ճիւղերէն ներս եւ մասնակցելով համաշխարհային ժողովներու։ Մանրամասնութեանց համար այցելեցէք www.anca.org:
Ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու Ռաֆֆի Համբարեանին, որ պատշաճ ձեւով պատասխանեց իւրաքանչիւր հարցին: Համբարեան նշեց, թէ երբ Թուրքիա ճշմարտապէս ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ատիկա առաջին քայլը պիտի ըլլայ հայոց արդար դատաստանին ընթացքը սկսելու։
Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ անդամները Աստուծոյ օրհնութիւնը կը մաղթեն Ռաֆֆի Համբարեանին եւ իր ընտանիքին, նոյնպէս Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ իրենց արդարութեան պահանջի յարատեւ պայքարին։