ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ատրպէյճանի խորհրդարանի երեք հոգինոց պատուիրակութիւնը Հայաստան պիտի այցելէ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «ԱՊԱ» գործակալութիւնը, պատուիրակութիւնը Հայաստան կ՛այցելէ մասնակցելու համար Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական (ՍԾՀԽ) վեհաժողովի 39րդ նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ:
Ատրպէյճանական պատուիրակութեան կազմին մէջ պիտի ըլլան Ասաֆ Կաճիեւ, Մուսա Կուլիեւ եւ Ժալիա Ալիեւա:
Երեւանեան նիստի ընթացքին, կազմակերպութեան նախագահութիւնը Հայաստանէն պիտի փոխանցուի Ատրպէյճանի: ՍԾՀԽի 40րդ նիստը տեղի պիտի ունենայ աշնան՝ Պաքուի մէջ: