ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.», «Արմէնփրէս».- Հինգշաբթի, Մայիս 17ին, Ատրպէյճանի մօտ Իրանի դեսպանատան առջեւ դարձեալ տեղի ունեցած է բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին ցուցարարները բողոքած են Իրանի մէջ վերջերս ծաւալած հակա-ատրպէյճանական արշաւին դէմ, ինչպէս նաեւ դատապարտած են «իրանցիներու կողմէ հայերուն ցուցաբերուող աջակցութիւնը»:
Ցոյցը կազմակերպողներու շարքին եղած է Հարաւային Ատրպէյճանի անկախութեան կուսակցութիւնը, որ կը պայքարի Իրանի սահմաններէն ներս գտնուող նշեալ տարածքը Ատրպէյճանին կցելու համար:
Քանի մը օր առաջ եւս նման ցոյց մը տեղի ունեցած էր՝ դատապարտելու համար Թաւրիզի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին առաջ իրանցիներու կազմակերպած ցոյցը, որուն ընթացքին քննադատուած էր «Եւրոտեսիլ 2012»ը Պաքուի մէջ կատարելու որոշումը:
Ատրպէյճանական այս ցոյցը քննադատուած էր Ատրպէյճանի այլախոհ շրջանակներու կողմէ: Այս մասին haggyolu.com լրատու կայքին վրայ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ գրուած է. «Իսրայէլի խոստումներուն հաւատացած եւ Իրանի հետ յարաբերութիւնները քանդած Ալիեւները շատ շուտով պիտի զգան մինակ մնալու ցաւալի պտուղները: Հայերէն վախցած Ալիեւի վարչակարգը մարտահրաւէր կը նետէ Իրանին: Իրան իսլամութեան նկատմամբ հաւատարմութիւն կը սպասէ Ալիեւներէն, բայց անոնք դարձած են Թել Աւիւի ծառաներ»: