– Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Շըրնաք գաւառի մասնաճիւղի փոխատենապետ Ալի Քըլընճ, Մայիս 17ին սպաննուած է անյայտ զինեալներու կողմէ:
– Մայիս 17ին, թուրք զինուորներ Տէօրթեոլ գաւառի լեռնային շրջաններուն մէջ ընդհարում մը ունեցած են Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն հետ. ընթացքին երեք թուրք զինուորներ սպաննուած են:
– Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, 2011ի նորածիններուն թիւին մէջ մեծամասնութիւն կազմած են փոքրամասնութեանց զաւակները: Այդ համեմատութիւնը 50.4 առ հարիւրի հասած է 2011ին՝ 1990ին արձանագրուած 37 տոկոսին փոխարէն:
– Այս շաբթուան ընթացքին, Յորդանանի մէջ սկսած են Միջին Արեւելքի մէջ վերջին 10 տարիներու ընթացքին մեծագոյնը նկատուող երկու շաբաթեայ ռազմափորձ մը, որուն կը մասնակցին 19 երկիրներէ 12 հազար զինուորներ, ներառեալ՝ ամերիկացիներ, ֆրանսացիներ եւ Արեւմուտքին դաշնակից արաբական երկիրներէ զինուորներ:
– Եգիպտոսի նախագահութեան Իսլամ եղբայրներ շարժումին կողմէ թեկնածու Մոհամմատ Մուրսի առաջարկած է Եգիպտոսի սահմանադրութիւնը մշակել՝ հիմնուելով Քորանին վրայ: Յիշեցնենք, որ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հոսնի Մուպարաքի ղեկավարման տարիներուն, Իսլամ եղբայրներ շարժումին գործունէութիւնը արգիլուած էր, սակայն ներկայիս Եգիպտոսի խորհրդարանին մէջ մեծագոյն կուսակցութիւնն է անիկա:
– Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ կը յայտնէ, թէ Իսրայէլը ոչնչացնելու համար պատերազմ պէտք չէ, այլ կարելի է այդ նպատակը իրագործել՝ պարզապէս շրջանի բոլոր երկիրներուն կողմէ անոր հետ յարաբերութիւններու խզումով:
– 2020ի ամառնային Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու համար Մատրիտի, Թոքիոյի եւ Պոլսոյ դիմումները աւելի համոզիչ կը թուին ըլլալ, քան Պաքուի ներկայացուցածը. այսպէս ըսած է Ողիմպիական միջազգային յանձնաժողովի գործադիր վարչութեան ռուս անդամ Վիթալի Սմիրնով: Պաքու երկրորդ անգամ ըլլալով կ՛առաջադրէ իր թեկնածութիւնը: 2020ի խաղերը հիւրընկալող քաղաքին անունը յայտնի պիտի դառնայ յառաջիկայ տարուան Սեպտեմբերին: