– Հինգ ամերիկացի ծերակուտականներ նամակ յղած են Ատրպէյճանի նախագահին՝ կոչ ընելով անոր, որ ազատ արձակէ բանտարկութեան դատապարտուած մարդկային իրաւանց գործիչ Պախթիար Հաճիեւը, աւելի քան տարի մը առաջ տեղի ունեցած անոր ձերբակալութիւնը նկատելով ազատ արտայայտուելու եւ հաւաքներ կազմակերպելու իրաւունքներու ոտնակոխում:
– Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը Մայիս 17ին հաղորդեց, որ Թուրքիա Իսրայէլը ամբաստանած է Կիպրոսի թրքական հատուածի օդային տարածքը խզելու յանցանքով՝ պնդելով, որ իսրայէլեան օդանաւ մը գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի օդային սահմանները հինգ առիթներով խախտած է:
– Անյայտ անձեր Մայիս 17ին կրակի տուած են իր սուր ծաղրանկարներով յայտնի թրքական «Փենկիւն» ամսագիրի խմբագրութիւնը: Թերթը յայտնի է յատկապէս Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի գործունէութիւնը քննադատող ծաղրանկարներով:
– Թուրքիոյ պետակաacն մարմին մը Մայիս 18ին որոշած է չեղեալ յայտարարել ֆրանսական ընկերութեան մը հետ 7.7 միլիոն եուրոյի այն համաձայնութիւնը, որուն միջոցաւ ընկերութիւնը թրքական նոր անձնագիրներ պիտի պատրաստէր: Ընկերութիւնը 60 օրուան ընթացքին կրնայ բողոքել այս որոշումին դէմ:
– Իրաքի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը Մայիս 18ին կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անկէ բացատրութիւններ պահանջուած է Պասրա եւ Մոսուլ քաղաքներուն մէջ «իրաքեան իշխանութիւններու հետ չհամաձայնեցուած գործողութիւններ»ուն կապակցութեամբ: Պաղտատ մտահոգութիւն յայտնած է այդ քաղաքներու թրքական հիւպատոսութիւններու գործունէութեան նկամամաբ, սակայն չէ յստակացուցած , թէ ի՞նչ է մտահոգութեան դրդապատճառը:
– Ապրիլ ամսուան ընթացքին Լոս Անճելըսի նաւահանգիստէն արտածումներու եւ ներածումներու ծաւալը մրցանիշ հաստատած է՝ 14.6 տոկոսի աճ մը ապահովելով. սակայն յատկապէս Չինաստանէն ներածումներու նուազումին պատճառով, Լոնկ Պիչի նաւահանգիստէն առեւտուրը 13 տոկոսով նուազած է՝ բաղդատած նախորդ տարուան տուեալներուն:
– Ատրպէյճանի ոսկիի հանքերու արդիւնահանումէն ստացուող եկամուտը կը տնօրինեն նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքի անդամները. այս մասին հաղորդած է ամերիկեան «RevenueWatch» հիմնարկը, որ ուժանիւթի եւ հանքային այլ պաշարներու արդիւնահանման վերահսկողութեան գծով՝ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն մըն է:
– Դանիացիները կը շարունակեն մնալ աշխարհի ամենաերջանիկ ժողովուրդը՝ ըստ Համաշխարհային երջանկութեան զեկոյցին, որ կը պատրաստուի ՄԱԿի հովանիին տակ: 2րդ դիրքը կը գրաւէ Ֆինլանտան, իսկ 3րդը՝ Նորվեկիան: Ամերիկա կը գտնուի 11րդ դիրքի վրայ, մինչ ամենատխուր երկիրներն են Թոկօն եւ Պենին: Այս արդիւնքը հիմնուած է 2005էն 2011ի միջեւ, 156 երկիրներու մէջ կայացած ուսումնասիրութեան մը հիման վրայ: