ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Շամլեան» Ազգ. վարժարանի Հայկական ակումբի գործունէութեան մաս կը կազմէ աշակերտական մրցումներու կազմակերպումը:
Այս տարեշրջանին, վարչութիւնը կազմակերպեց երկու մրցոյթներ, որոնք տեղի ունեցան Չորեքշաբթի, Մայիս 9ին, վարժարանիս հանդիսասրահին մէջ: Մրցումներուն նպատակն էր տարիներու ընթացքին մեր հարուստ մշակոյթին եւ պատմութեան մասին ամբարած գիտելիքները վերյիշել, ինչպէս նաեւ մեր նախնիներու իրագործումներով հպարտանալու ու ներշնչուելու առիթ ընծայել աշակերտներուն:
Առաջին մրցումը տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 11:15ին, Է. եւ Ը. կարգերէն չորս խումբերու բաժնուած 16 աշակերտներու, իսկ երկրորդը՝ Ե. եւ Զ. կարգերէն դարձեալ չորս խումբերու բաժնուած 16 աշակերտներու մասնակցութեամբ:
Մրցումները մեծ հետաքրքրութիւն եւ խանդավառութիւն ստեղծեցին աշակերտներուն մօտ:
Է. եւ Ը. կարգերու մրցումին առաջին հանդիսացող խումբը կը բաղկանար հետեւեալ անդամներէն. Նարէ Պօղիկեան եւ Արմէն Բաղդասարեան (Է. կարգ) ու Ուռի Կարապետեան եւ Լարա Ռոստոմեան (Ը. կարգ):
Իսկ Ե. եւ Զ. կարգերու մրցումին առաջին հանդիսացող խումբն էր՝ Դալիա Պոյաճեան եւ Նայիրի Յովհաննիսեան (Ե. կարգ) ու Ալիք Մարսէլեան եւ Թանիա Բիուքեան (Զ. կարգ):
Գնահատանքի արժանի են մասնակից բոլոր աշակերտները, որոնք շուրջ մէկ ժամ տեւող սուր պայքարի ընթացքին հետեւեցան եւ ճշգրիտ կերպով պատասխանեցին գրեթէ բոլոր հարցումներուն:
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)