ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնն ու իր կինը՝ Լիպպին, հարաւ կատարած իրենց չորսօրեայ այցելութենէն ետք իրենց տպաւորութիւնները կիսած են իրենց պլոկին վրայ։ Անոնք այցելած են Վայոց ձորի եւ Սիւնիքի մարզեր:
Լիպպի Հեֆըրն մասնաւորաբար նշած է. «Ճամբան իսկապէս գեղատեսիլ էր: Մենք Հայաստան կը գտնուինք Հոկտեմբերէն ի վեր, այցելած ենք Հայաստանի հիւսիսային շրջանները եւ ցարդ ամէն ինչ գորշ էր, իսկ այս անգամ ամբողջ ճամբուն ընթացքին կային ծաղկած ծառեր, թուփեր ու կանաչութիւն: Այս անգամ Հայաստանը բոլորովին նոր գոյներով կը ներկայանար»։
Դեսպանը աւելցուցած է, որ իրենց այցելութիւնը հիանալի էր, անոնք հանդիպած են շատ լաւ մարդոց։ Ան դիտել տուած է, որ այս այցելութեան ծիրին մէջ նաեւ ծանօթացած են այն անձերուն, որոնց հետ կը համագործակցի դեսպանատունը, հանդիպումներ ունեցած են համայնքապետերուն հետ, որոնք շատ լաւ աշխատանք կը տանին իրենց շրջաններուն համար։ Ճոն Հեֆըրնի համաձայն, հանդիպումներ կայացած են նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք շատ լաւ ու արդիւնաւէտ գործունէութիւն կը ծաւալին։
Ան գրած է. «Մենք նաեւ կ՛ուզէինք ծանօթանալ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան օժանդակութեամբ իրականացած աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն. այցելեցինք գիւղատնտեսական մէկ-երկու ծրագիր, որոնք շատ արդիւնաւէտ էին։ Ապա մենք որոշ ժամանակ անցուցինք Խաղաղութեան ջոկատի կամաւորներուն հետ»:
Լիպպի Հեֆըրն նշած է, որ ինք կ՛ուզէր կամաւորներուն հանդիպիլ, որովհետեւ քանի մը ամիս առաջ անոնց հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին խոստացած էր անոնց տուրմով խմորեղէն-կարկանդակ պատրաստել։ «Ես կատարեցի իմ խոստումս, եւ մենք տեսանք կամաւորներուն աշխատանքը: Անոնք կ՛աշխատին դպրոցներուն, կնոջական հաստատութիւններուն մէջ եւ շատ գովելի աշխատանք կը տանին», հաստատած է դեսպանին կինը։
«Այսպիսով, մեր նպատակներէն էր ամերիկեան արտաքին օժանադակութեամբ իրականացած ծրագիրներուն ծանօթանալը: Եւ նկատի առնելով այն, որ մեր այցելութեան յաջորդող հանգրուանին Հայաստանի մէջ ընտրութիւններ պիտի կայանային, մեր նպատակն էր գիտնալ, թէ ի՛նչ տրամադրութիւն կը տիրէ ժողովուրդին մօտ, ինչպէս կ՛ընթանան 6 Մայիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքները, մենք հանդիպումներ ունեցանք ոչ միայն իշխանական թեւին, այլ նաեւ ընդդիմադիր բոլոր հիմնական քաղաքական կուսակցութիւններու, լրատուամիջոցներու, ընտրական պաշտօնեաններուն հետ»:
Դեսպանին համաձայն, տրամադրութիւնները դրական էին, կար լաւատեսութիւն այն մասին, որ ընտրութիւնները խաղաղ, ազատ եւ արդար կ՛ըլլան, կային նաեւ մտահոգութիւններ՝ վարչական աղբիւրներու եւ կարելիութիւններու օգտագործման գծով։