ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան խաղաղապահ ուժերէն 39 զինուորական ծառայողներէ բաղկացած զօրախումբ մը 18 Մայիսին պիտի մեկնի Նախկին Հարաւսլաւական Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սկոպյէ՝ ՆԱԹՕի անդամ եւ գործընկեր պետութիւններու «Համատեղ մեծ աղեղ եւ համատեղ հեծեալ նիզակամարտիկ-2012» բազմազգի խաղաղապահ զօրավարժութեան մասնակցելու նպատակով:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, «Համատեղ մեծ աղեղը»ը կը հանդիսանայ հրամանատարական կազմերու զօրավարժութեան հանգրուանը, որուն ընթացքին մասնակիցները հմտութիւններ ձեռք պիտի ձգեն ընթացակարգերու եւ գործողութիւններու ղեկավարման ու կառավարման մարզին մէջ՝ մարտական հրաման ստանալէն մինչեւ համապատասխան ուղղուածութեան դրսեւորումը, ենթակայ ստորաբաժանումներու միջեւ պարտականութիւններու բաշխումն ու գործողութեան աւարտը։ Զօրավարժութեան գործնական հանգրուանը կը կրէ «Համատեղ հեծեալ նիզակամարտիկ» խորագիրը: Այս հանգրուանով մասնակիցները հմտութիւններ ձեռք պիտի ձգեն խաղաղապահ առաքելութեան խնդիրներու իրականացման մէջ: Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) եւ ՆԱԹՕի ծիրին մէջ նմանատիպ համագործակցային զօրավարժութիւններուն հայ խաղաղապահներու մասնակցութիւնը կը նպատակադրէ կատարելագործել Հայաստանի զինուած ուժերու ցամաքային հաւաքական զօրավարժութիւններն ու կարողութիւնները, զարգացնել միջազգային անվտանգութեան կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցութիւնը, նաեւ ամրապնդել մարտական պատրաստուածութիւնը։
Հայկական խաղաղապահ զօրախումբը Հայաստան պիտի վերադառնայ 30 Մայիսին։