ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան գրասենեակէն կը հաղորդեն, թէ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը, բարձր գնահատելով ծանօթ ՀՄԸՄական Մարօ Քէշիշեանի ծառայայութիւնը ՀՄԸՄի ընտանիքէն ներս՝ անոր կը շնորհէ «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսը:
Մարօ Քէշիշեան ծնած է Լիբանանի հայակական Այնճար գիւղը, ազգանուէր ընտանեկան յարկի մը տակ: Ան երրորդ զաւակն է Վահան եւ Սիրանոյշ Քէշիշեաններու եօթը զաւակներուն:
Նախակրթարան եւ միջնակարգ ուսումը ստացած է ծննդավայրի «Յառաջ» Ազգ. վարժարանէն ներս, իսկ երկրորդականը՝ Պուրճ Համուտի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» Ազգային երկրորդական վարժարանէն ներս: Համալսարանական ուսումը ստացած է Լիբանանի «Սեն Ժոզէֆ» համալսարանէն ներս եւ աւարտած Հայագիտական ամպիոնը: Պաշտօնավարած է Պուրճ Համուտի Սիս թաղամասի «Աքսոր Գասարճեան» նախակրթարանէն ներս, նախ իբրեւ հայերէն եւ արուեսի նիւթերու ուսուցչուհի, իսկ աւելի ուշ՝ իբրեւ մանկապարտիզպանուհի: Միաժամանակ հետեւած է «Հայկազեան» համալսարանի ուսուցիչներու յատուկ մանկավարժական ծրագիրին:
Փոքր տարիքէն անդամակցած է Լիբանանի Օգնութեան Խաչի (ԼՕԽ) Այնճարի մասնաճիւղի արծուիկներու բաժանմունք՝ իբրեւ մրջնիկ, իսկ աւելի ուշ փոխանցուած է ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը՝ իբրեւ արենոյշ վարիչ առաջնորդ, ուր հասած է մինչեւ մասնաճիւղի խմբապետուհիի աստիճանի. այնուհետեւ արժանացած է Լիբանանի Շրջանային խմբապետուհիի աստիճանին՝ վարելով համապատասխան պաշտօնը: Պատասխանատու զանազան պաշտօններ ստանձնած է մասնաճիւղի եւ շրջանային մակարդակներու վրայ:
1984ին փոխադրուած է Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ աշխատած է շրջանի ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Ասպարէզ»ի մէջ, նախ իբրեւ գրաշար եւ թղթակից, ապա՝ իբրեւ խմբագրական կազմի անդամ: Եղած է նաեւ «Հորիզոն»ի թղթակից եւ արխիւներու պատասխանատու:
1984էն ի վեր գործօն անդամ է ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին: Թէ՛ Լիբանանի եւ թէ ԱՄՆի մէջ, քանի մը շրջաններու համար, վարած է Շրջ. խմբապետուհիի աստիճանը: Քանիցս ընտրուած է ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան անդամ:
Իբրեւ սկաուտ ղեկավար եւ կազմակերպիչ՝ մասնակցած է ՀՄԸՄի Համագաղութային եւ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած Համա-ՀՄԸՄական Ընդհ. բանակումներուն:
1990ին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ գործուղուած է Հայաստան, ուր սփիւռքահայ ուսանողներու գործակցութեամբ նախաձեռնած է ՀՄԸՄի վերակազմակերպչական աշխատանքներու, նախ՝ ՀՄԸՄի գաղափարը տարածելով եւ ապա՝ մասնաճիւղեր հիմնելով Հայաստանի մէջ:
Անդամ է Boy Scouts of America-ի Verdugo Council-ին: Արժանացած է Wood Bage-ի երրորդ տախտակին (Bead):
Գործօն մասնակցութիւն բերած է ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու կազմակերպչական աշխատանքներուն: Թղթակիցն է շրջանի ՀՄԸՄին:
2011ին արժանացած է ՀՄԸՄի սկաուտական «Արարատեան» բարձրագոյն կարգին:
«Ամբողջ էութեամբ կը հաւատամ ՀՄԸՄի գաղափարախօսութեան, որուն համար ՀՄԸՄը կեանքիս անբաժան մասը դարձած է», այս առիթով արտայայտուած է Մարօ Քէշիշեան: