ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Երկուշաբթի, Մայիս 21ին տուն կանչեց Ատրպէյճանի մօտ իր երկիրի դեսպան Մուհամետ Պաքիր Պահրամին. այս մասին հաղորդած է «Սալամնիուզ» լրատու գործակալութիւնը՝ այդ որոշումին իբրեւ պատճառ նշելով Պաքուի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցի մը ընթացքին Իրանի գերագոյն կրօնապետի հասցէին կատարուած վարկաբեկիչ յայտարարութիւնները:
Կը հաղորդուի նաեւ, թէ դիւանագէտը Թեհրան կանչուած է խորհրդակցութեանց համար: Ան Ատրպէյճանէն պիտի հեռանայ Մայիս 22ին:
Կ՛ենթադրուի, որ այդ քայլով, Իրան կը բողոքէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ վերջերս սաստկացած հակաիրանեան գործողութիւններուն դէմ:
Իրանի այս քայլէն անմիջապէս առաջ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ սպասարկութեան ղեկավար Էլման Ապտուլաեւ յայտարարած էր, թէ Պաքուի համար «անընդունելի են» Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք «Եւրոտեսիլ 2012»ի դէմ Իրանի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն ընթացքին հնչող հակա-ատրպէյճանական յայտարարութիւններն ու քննադատութիւնները: «Մենք անպատասխան չենք ձգեր զանոնք: Ատրպէյճան անոնց համարժէք պատասխան կու տայ: Ատրպէյճան ինքնիշխան պետութիւն է եւ անոր ներքին գործերուն միջամտութիւնն ընդունելի չէ», ազդարարած էր ան:
Յայտնենք, թէ ատրպէյճանցիներ Շուէտի եւ Հոլանտայի իրանեան դեսպանատուներուն առջեւ եւս բողոքի ցոյցեր կազմակերպած են: