ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ախալցխա.նե»չ.- Վրաստանի Հայ Օգնութեան Միութիւնը 17 Մայիսին Ախալցխայի մէջ կայացուց ճաշի օր՝ ընկերային իմաստով անապահովներուն, թոշակառուներուն եւ ծերերուն համար:
Առաջին անգամ ըլլալով է, որ ՀՕՄը նման նախաձեռնութիւն մը կը կազմակերպէ Ախալցխայի մէջ:
Նկատի ունենալով, որ բարեսիրական նախաձեռնութեան մասնակիցները մեծ գոհունակութիւն ունեցած են այս հաւաքէն, Վրաստանի ՀՕՄը որոշած է մնայուն կերպով նման ծրագիրներ իրականացնել։ Արդարեւ, իւրաքանչիւր շրջանի մէջ տարեկան 4 անգամ ճաշ պիտի մատուցուի, հաւաքներուն ընթացքին նաեւ երգ ու պար պիտի ներկայացուի։