ԵՐԵՒԱՆ.-18 Մայիսին Երեւանի «Ակադեմիա» պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցած է Յունաստանէն ժամանած սփիւռքահայ նկարչուհի Մարիանա Մանուկեանի գործերուն առաջին ցուցահանդէսին բացումը, որուն ներկայ էին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Ազատ Գասպարեանը, սփիւռքահայ բարերար Վահագն Յովնանեանը եւ այլ հիւրեր:
Արուեստագէտը բազմաթիւ ցուցահանդէսներ կայացուցած է Աթէնքի եւ Եւրոպայի տարբեր քաղաքներու մէջ՝ մնայուն յաջողութիւններ արձանագրելով։
Մարիանա Մանուկեանի նկարները բազմաժանր ու գունագեղ են: Հայրենիքի կարօտը, ծաղիկներ, յատկապէս վարդերը լուսանկարիչին գործերուն «գլխաւոր հերոսն են»: Հետաքրքրական է անոր աթոռներու շարքը, ուր կան մարդու մտորումները անցեալի, ներկայի ու ապագայի մասին, կայ անոր յոյսը, որ երբեք չի մեռնիր:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 24 Մայիս։