ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներու բոլոր դասարանները իրենց ուսումնական տարեշրջանը պիտի աւարտեն 25 Մայիսին։ Այս տարի ուսումնական հանրակրթական հաստատութիւնները պիտի աւարտեն մօտ 40 հազար շրջանաւարտներ: Լրագրողներուն հետ հանդիպումին ընթացքին այդ մասին յայտնած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հանրակրթութեան վարչութեան պետ Նարինէ Յովհաննիսեան:
Ան նշած է, որ 1 Յունիսին շրջանաւարտները աւարտական եւ միասնական քննութիւններ պիտի յանձնեն: Յովհաննիսեան նաեւ շեշտած է, որ այս տարի եւս դպրոցներուն մէջ կաշառքները կանխող «թէժ գիծ» հաստատուած է, սակայն նախորդ տարիներուն հետ բաղդատելով՝ ահազանգները քիչ են:
Խօսելով քանի մը օր առաջ համացանցին վրայ տարածուած այն տեսանիւթերուն մասին, որոնց մէջ դպրոցական աղջիկներ իրարու կը հայհոյեն ու կը ծեծեն, Նարինէ Յովհաննիսեան վստահեցուց, որ անոնք եզակի պարագաներ են՝ յայտնելով, որ նախարարութիւնը տեղեակ չէ, թէ ո՛ր դպրոցէն են այդ աշակերտները: