ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 21 Մայիսին պատկերասփիւռի կայանէն սփռ-ուած յայտագիրի մը ընթացքին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորտիւժա յայտնած է, որ Հայաստանի հետ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան իմաստով բաւական լաւ ու հետաքրքրական աշխատանք կը տարուի։
Անոր համաձայն, այս ծիրին մէջ Հայաստանի մէջ 5-6 միացեալ կեդրոն կառուցելու ծրագիր կայ՝ սպառազինութեան վերանորոգման, ոչնչացման կամ արդիականացման համար: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ այդ աշխատանքները արդէն գործնականացման սկսած են։
«Ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութիւնը հետաքրքրական է բոլոր երկիրներուն համար: Այդ շրջագիծին մէջ մենք փաստօրէն կը վերակենդանացնենք պետութեան ռազմարդիւնաբերական համալիրը: Եւ համագործակցութիւնը բաւական յաջող է: Բացի ատկէ, ստորագրուած համաձայնութիւններու ծիրին մէջ, իւրաքանչիւր պետութիւն առաջնահերթ կը նկատէ սպառազինութիւններ գնելը: Վերջին երկու տարիներուն ապսպրանքները աւելցած են 2.5 անգամով», նշած է Պորտիւժա: