Կը պատուենք այսօր Գրիգոր Պըլտեանը, զոր անձնապէս կը նկատեմ մեր ժամանակներու հայ գրականութեան կարեւորագոյն հեղինակը: Յարակարծօրէն սակայն, ան նաեւ ամէնէն նուազ ճանչցուած եւ հանդուրժուածներէն մէկն է: Ոչ թէ լուսանցքային գրող մը ըլլալուն համար, այլ որովհետեւ հայ կանոնական գրականութիւնն է, որ մեծաւ մասամբ մնացած է լուսանցքային. մնացած է գրեթէ հարիւր տարի առաջուան հոսանքներուն մէջ՝ ճիշդ 1910ական թուականներուն Արդիապաշտ գրական շարժումներու երեւան գալէն առաջ:
Այլ առիթով զինք ներկայացուցած ատեն ըսած եմ արդէն՝ իր ստեղծագործութեան ընկալման փորձառութիւնս սկիզբ կ՛առնէ 17 կամ 18 տարեկանիս, երբ իր մէկ գրութիւնը մէկդի դրի ըսելով՝ «Այս մարդը գրել չի գիտեր, բառեր կը շարէ դիմացս»: Անշուշտ քանի մը տող առաջ իմացաք այսօրուան կարծիքս իր մասին: Ի՞նչ պատահեցաւ երկուքին միջեւ:
Թերեւս այն, որ այն ատեն փակուած էի միայն հայ գրականութեան մէջ, չէի բացուած այլը ընկալելու, իսկ այլին բացուած Պլըտեանի գրութիւնները այդ պատճառով ալ կը թուէին ո՛չ միայն օտար, այլ նաեւ անիմաստ, քանի որ մեզի համար չէին կայանար իբրեւ գրութիւն: Այլը ո՛չ միայն ներելի չէ, այլեւ չկայ. ոչ միայն կ՛անտեսուի, այլ նաեւ կ՛անգիտացուի, չի գիտցուիր: Այդ պատճառով ալ գրութիւնը չկայ. ոչ թէ կը կարծես, թէ դժուարութիւնը ունիս ընկալելու, այլ վստահ ես, որ տակը բան չկայ:
Նախ՝ համապատկեր մը իր գործին մասին: Ինչպէս ըսի արդէն, Պըլտեանի ծաւալուն, գրեթէ երեսուն հատորանոց արտադրութիւնը կ՛ընդգրկէ գլխաւորաբար երեք մեծ խումբ: Բանաստեղծական գործերը, որոնցմով կը սկսի իր գրական կեանքը. 10 հատոր՝ բացի վերջինէն, հրատարակուած 1976էն 1993, 17 տարուան մէջ, որմէ ետք, (կարծես հեքիաթի պէս) 17 տարի ոչինչ դուրս կու գայ մինչեւ 2010, երբ «Մանտրաներ» հսկայական հատորը լոյս կը տեսնէ (քերթողական գիրքի մը համար 600 էջը մեծ բան է): Ձեւով մը այդ միջնարարին Պըլտեան կը կեդրոնանայ գեղարուեստական արձակի վրայ, ու 1997էն ետք մէկը միւսին ետեւէն լոյս կ՛ընծայէ վեց վէպերու շարք մը՝ «Սեմեր», «Հարուածը», «Նշան», «Անունը լեզուիս տակ», «Պատկերը» եւ «Երկուք»: Գործը կ՛ամբողջանայ գրաքննադատական տասը հատորներով, որոնցմէ «Տրամ»ը եւ «Մարտ»ը հազարէ աւելի էջերու վրայ, բոլորովին նոր հայեցակէտներէ կը սկսին քննարկել, կարդալ եւ մտածել ծանօթ ու ոչ այնքան ծանօթ գործերը հայ գրականութեան:
Գրաքննադատական հատորներու այս շարքին մէջ աչքի կը զարնեն նաեւ անկիւնադարձային աշխատանքներ, որոնցմէ է Կրակէ շրջանակը Դանիէլ Վարուժանի շուրջ, որ նոր Վարուժան մը մէջտեղ կը բերէ ու կը տեսաբանէ Եղեռնը կամ աղէտը գեղագիտական լեզուին բերելու կարելիութիւններուն մասին, թէ՛ Վարուժանի գտած հնարքներուն ընդմէջէն, եւ թէ գրական տեսութեան իւրովի զարգացումով: Կան երեք բացառիկ աշխատութիւններ Գրիգոր Նարեկացիի մասին, եւ հայ գրականութեան մէջ ապագայապաշտութեան նուիրուած հիմնական նոյնպէ՛ս ծաւալուն ուսումնասիրութիւն մը, որ լոյս տեսաւ 2009ին: Այս խումբին կը պատկանի նաեւ ֆրանսահայ գրականութեան նուիրուած հատոր մը՝ ֆրանսերէն լեզուով:
Բոլոր այս գիրքերը սերտ կապ ունին իրարու հետ: Կան թելեր, որոնք կ՛երկարին քերթողական գիրքերէն մինչեւ վէպերը ու կը բացայայտուին գրաքննադատական գործերուն մէջ: Կրնանք ըսել, թէ Պըլտեան ինքնիրեն, առանձինն, անհանգանակ գրական շարժում մըն է, որուն հանգանակը վերադարձն է մերկ բառին, առանց -իր խօսքով- աքլորային «վարդակարմիր հրախաղութիւններու»: Կարելի է թերեւս մանիֆեստ մը սեպել իր առաջին գործերէն «Հակաքերթուած»ը, որ ո՛չ թէ քերթուածին հակառակն է, այլ այն, որ քերթուածը կը փորձէ քակել, կազմալուծել եւ հակիլ անոր վրայ, դիտել քերթուածը քերթուածով, հասնիլ ստեղծագործական խաւարին, որպէսզի հոն կայանայ բառը անկախ իր ու քերթուածի քաշքշած աւանդութիւններէն, փորձառութենէն, վարժութենէն: Ասիկա կը պատահի, յիշեցնեմ, 1968ին, Փարիզի մայիսեան խռովութիւններու շունչին տակ: Կարեւորը սակայն այն է, որ կը պատահի 1968ին, այսինքն ժամանակակից է ինքզինքին, նոյնիսկ յառաջապահ՝ մտածողութեան ալիքներուն, որոնք նոր թեւ կ՛առնեն ու յետոյ, տարիներ ետք, պիտի յանգին անոր, որ ամերիկացիները կը սիրեն կոչել Deconstruction: Կ՛ուզեմ շեշտը դնել, կրկնեմ, ժամանակին վրայ, որովհետեւ մեր գրականութիւնը կը սիրէ սեմպոլիստ ըլլալ սեմպոլիզմէն տասնամեակներ ետք, իրապաշտ՝ իրապաշտութենէն քառասուն տարի ետք: Քիչերն են անոնք, որոնք քայլ կը պահեն եւ նոյնիսկ ճամբայ բանալու նկրտում ունին:
Պըլտեան սկիզբէն իսկ պիտի սեւեռի բառին վրայ. նկատի պիտի ունենայ բառը, հակաբառը, անդրաբառը, բառի ազատագրումը, բառի իսկ կազմալուծումը, որ չէ անշուշտ ձեւազեղծում, այլ ձեւազերծում կամ ձեւազանցում: Խօսքը, ճիշդ ինչպէս Նարեկացիի գործին մէջ, այստեղ ամէն ինչ է: Իր գործին մէջ կը տեսնենք բաներ, որոնք տեւաբար կը հիացնեն զինք, հիացնելու այն իմաստով, որ կը նշանակէ սքանչացնել, այսինքն՝ գոյութենական զարմանք մը առթել, երբ կը կենաս ատոնց դիմաց ու կը դիտես քու եւ իրականութեան եւ կեանքի եւ էութեան -կամ ինչ որ ատիկա է- ատոնց յարաբերութիւնը բառին հետ: Ձայնը, խօսքը, կշռոյթը: Էութեան եւ երեւոյթի փոխյարաբերութիւնը եւ ատոր ու անոնց գոյութեան խնդրականացումը: Իր բառերով՝ գրութեան ան-ենթակայացումէն անդին՝ «էութեան քաշւումը, անոր մթագնումը՝ անդի՛ն դէմքի ու երեւոյթի աշխարհէն», պահելով միայն «մութին դէմքը, մութը իբրեւ դէմք, իր կարգին ջնջուած» (Նամակ):
Անշուշտ այստեղ հեղինակ-փիլիսոփան կ՛երթայ մինչեւ ետ- Պարմենիտէս, Պղատոն. կու գայ առաջ՝ քսաներորդ դարու ֆրանսական փիլիսոփայութիւնը, որ այդքա՛ն սահմանած է եւ բացատրած մեր ներկայ աշխարհը:
Թելը կ՛երկարի ամէն կողմէ: Վարուժանի «Կրակէ շրջանակը» արդէն յիշուած է առաջին մանտրաներուն մէջ: Նոյնը կը պատահի «անժողովուրդ լեզու» սահմանումին- Գ. մանտրայէն: Նարեկն ու հին երգերը, ձայները ներկայ են միշտ, տողերով, բառերով, ձայնի փնտռտուքով, անուններու որոնման մէջ խարխափումով: Խարխափում մը, որ ճամբորդութիւն մըն է կազմալուծուած բառերու կեանքին մէջ, Պորխէսի լաբիւրինթոսներուն նման: Նարեկացին է, որ կը սեւեռուի եւ կը շարունակուի ստեղծաբանութեան յղացքի վերաբերումով: Իրարու ընդելուզուած, էին-էանկի նման հակադրուած՝ բանաստեղծութիւնն ու ստեղծաբանութիւնը սակայն իրար կը հալածեն, իրարմով կը բանին: Պըլտեան կ՛ուզէ՛ ստեղծաբանութիւնը, հակիլը ստեղծման վրայ, մտածել մտածումը, մտմտալ մտմտուքը: Ստեղծաբանութեան ոչ միայն յղացքը, այլ զայն կատարելը, ի գործ արկանելը՝ իր բառերով: Անուններու անկարելիութիւնը, լեզուի անկարողութիւնը քերթողական երկերէն կ՛ընդլայնի դէպի արձակը: Անունը լեզուիս տակ վէպը միայն մէկն է անոնցմէ, բայց անոնց բոլորին մէջ է, որ նոյն խնդիրը կը քրքրուի: Անունը, պատկերը, իմաստը, անոնց ծագումն ու կեանքը, յարաբերականութիւնը: Լեզուն, պատմութիւնը կը գոյանան, ձեւով մը անկախ են, ինքնաշխատ, ինքնամուղ, ինքնաստեղծ: Ու կրկին զարմանքը ատոր դիմաց:
Աշխարհը, իրականութիւնը, ամէն ինչ՝ որպէս լեզու: Մեկնաբանութիւն մը, ըմբռնողութիւն մը կեանքին ու գրականութեան, որ կ՛ենթադրէ դրսացում մը, այլացում մը, նոր, շեղակի, շեղանցքային ուղիներու որոնումը: Ինչպէս Մարտ հատորի առաջին պարբերութիւնը պիտի ըսէ՝ «ուրիշութեան շեղանցքով աւելի մօտեցող ինքն իրեն»։
Երկրորդ, կ՛ուզեմ անդրադառնալ Պըլտեան երեւոյթի նշանակութեան՝ մեր գրականութեան մէջ: Ինչպէս բարեկամս Հրայրը պիտի ըսէր անցեալ օր՝ խօսիլ քիչ մը այն մասին, թէ ո՞րն է իր «տեղը այս իրարանցումին մէջ»: Իրարանցումը թէ՛ մեր աշխարհն է, հայկական տարասփիւռ եւ կազմալուծուող իրականութիւնը, եւ թէ՛ աշխարհի մէջ պատահող՝ քաղաքակրթութիւն եւ մշակոյթ փոխող ու խախտող իրարանցումը: Ո՞րն է ուրեմն Պըլտեանի գործին տեղը:
Նախ՝ ան տեղ չունի: Ի՞նչ տեղ պիտի ունենայ, երբ մենք կը գտնուինք այլուր: Ինքն է իր տեղը ստեղծողը, հոգ չէ, թէ անոր միակ բնակիչը ինք ըլլայ, կամ ալ սակաւ բնակիչներ հաւաքուին այնտեղ: Թերեւս ասիկա բացատրելու նպաստէ քիչ մը յարիլ այն բանին վրայ, որ զինք կը բաժնէ մեր աւանդական գրականութենէն: Նախ այն, որ ինք անցած է եւ մուտք գործած յարաբերականութեան դարաշրջանը: Օտար է դեռ մեզի ըմբռնել, որ բացարձակ հաստատումները, սահմանումները, հակադրութիւնները, կառոյցներն ու կառուցապաշտութիւնը մնացած են ետեւ: Ասիկա չի նշանակեր օտարանալ: Հակառակ այդ փախուստին դէպի առաջ ու ժամանակակից ժամանակ, Պըլտեան յարակարծօրէն նաեւ ոտքերը ամուր, շատ ամուր խրած է աւանդութեան մէջ, ոչ թէ զայն առանց հասկնալու կապկելու համար, այլ զայն կրկնելու որպէս կշռոյթ՝ անկէ ելլելով՝ հիներուն պէս եւ հիներէն տարբեր վայր մը բանալու համար:
Ժամանակակից ըլլալը փախուստ մըն է մեր ներկան կազմող անցեալ ժամանակէն դէպի իրական ներկան, ու ատով աքսոր մը, զոհաբերու՛մ:
Սովորականէն ելլելու, խորհելու համար, Պըլտեան կը փորձէ լեզուն վերստին կազմել, յօդել: Հատուածներ «Սենեակ»ի մասին»ը հրատարակուած իր առաջին գիրքն է, որ կը սկսի հետեւեալ բառերով. «դժուար սկիզբ (եւ անձայն) կը խարխափեմ անշարժութեան սեւեռող»: Նոյն գիրքի վերջին տողն է «կը մտնէ դուրս»: Այլին մէջ մուտքը, զոր բացատրելու համար կրնանք երթալ Պըլտեանի միւս նախագիրքին՝ «Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար» հատորի յետ-գրութեան, որ կ՛ըսէ. «Խօսիլ դէպքը անչափելի արարք մըն է, անօրէն, որ զիս դէմ յանդիման կը դնէ անանուն եւ անսահման օտարին: Բանալ լեզուն բրտութեան առջեւ,… ահա անհրաժեշտութիւնը»: Յետոյ՝ «Պէտք է մշտապէս հսկել, բռնանալ լեզուին վրայ, «բռնաբարել» անոր քերականութիւնն ու ծէսը, խորտակել մէկութեան տրամաբանութիւնը: Թերեւս ասոր համար այդ լեզուն կը յայտնուի իբրեւ օտար լեզու մը, հակալեզու մը բանող լեզուին մէջ: Ի՞նչ է օրինավիճակը անմիաւոր, գաղթող, շեղող եւ տարասփիւռ խօսքին»։
Պըլտեանի գործին ամէնէն աչքառու երեւոյթներէն մէկը այն է, որ իւրաքանչիւր բառ իր իմաստը ունի, մտածուած է խորապէս եւ դրուած է այդտեղ առանց հոմանիշ ըլլալու յաւակնութեան: Ճիշդ Նարեկացիի պէս: Դժուար, երկար աշխատանք մը կայ այնտեղ գրելու (գրումի՝ ինչպէս ինք պիտի ըսէր), ցանցարկումի, առնչութիւններու հիւսուածք մը ստեղծելու, ատով խօսելու: Այդ պատճառով ալ իր գործերը կարդալը եւս ընթերցումի աշխատանք մը կը պահանջէ: Զուգահեռը հազար տարի առաջուան իր անուանակիցին հետ ուշագրաւ է՝ ոչ մէկուն, ոչ ալ միւսին մօտ կայ սնաբառութիւն (բ-ով՝ սին-բառ իմաստով): Իւրաքանչիւր բառ ունի իր տեղը, նպատակը, շատ անգամ դժուար ընկալելի կապերը, կարողականութեան ցանցերը: Երկու Գրիգորներն ալ թիւրընթերցուած են, թերընթերցուած. մէկը՝ փառաբանուած, միւսը աքսորուած կանոնական գրականութենէն, հաստատութենական օրէնքէն: Այսինքն, նորէն, Վարուժանի խօսքով, բանաստեղծը զոհ պիտի ըլլայ:
Ըսի՝ աքսոր մըն է Պըլտեանի ընտրած ճամբան. աքսոր՝ շարունակուելու կարելիութենէն, աքսոր վերապրումէն, աքսոր՝ ընթերցող ունենալու պերճանքէն, վերլուծուելու, ի բաց տրուելու, դասաւանդուելու հաճոյքէն: Ատով՝ ողբերգութիւն մը, ողբերգութիւն յղացքի ընդգրկած ամբողջ դրականութեամբ, լաւատեսութեամբը՝ որ ողբերգութի՛ւնը միայն կ՛ընձեռէ: Կը կանգնիմ՝ հակառակ աստուածներու պարտադրած մահին, հարուածներուն, վստահ անհետացումին. ե՛ս կ՛ըսեմ մահս, կորուստս:
Ամէն գրութիւն/ստեղծագործութիւն արդէն սուգ մըն է, ու ինքնին շղթայ մըն է կեանքին, որովհետեւ ստեղծելով արդէն կեա՛նք է, որ կը ծնի:
Այս բոլորը ըսելէն ետք անշուշտ աւելորդ է յանկարծ յայտարարել, որ Պըլտեան ըմբոստ մըն է գրականութեան մէջ: Տուեալները ատիկա անմիջապէս յայտնի կ՛ընեն: Բայց, աւելի կարեւորը- աւելաբանութիւն է «ըմբոստ» որակումը, որովհետեւ ըմբոստութիւնը կանոնն է ստեղծագործութեան. ամէն ստեղծագործութիւն կ՛ենթադրէ տուեալ եւ առկայ կանոններու, իրավիճակի, օրէնքի, ընկալումներու եւ լեզուի խզում եւ զանցում. կ՛ենթադրէ կայունութեան, լճացման՝ այսպէս կոչուած «գրական աւանդոյթներու» խախտում, չծառայող գրիչ, միամտութիւն ստեղծագործութեան մէջ: Կը հետեւի ուրեմն հարցումը. ստեղծող ես, այո՛, սակայն ի՛նչ տուիր: Ստեղծածդ արժէք կը ներկայացնէ՞: Ո՞րն է Պըլտեանի գործին արժէքը:
Ինծի համար յաւակնոտութիւն պիտի ըլլար ատիկա սահմանելը:
Պըլտեան գերազանցապէս լեզուական փորձառութիւն մըն է, Նարեկացիի պէս: Սփիւռքայնութիւնը, չպատկանելիութիւնը, անվերջ սկիզբը բերուած են արուեստին: Ի՞նչ տուած է. նախ՝ վէպերուն միջոցաւ գաղթահայութեան պատումը, տեւողութիւնը յանձնել աշխարհին. յետոյ՝ ժամանակակից ժամանակը բերել հայերէնին, լեզուն չարչրկել, մաղել, ինքնիրեն հանդիպադրել, եւ զարգացնել ժամանակը ըսող հայերէն մը, հոգ չէ, թէ գործածող չունենայ: Թափանցել լեզուի գաղտնիքներուն կամ գոնէ հոն տանող ճամբաներուն մէջ, շեղիլ դէպի յայտնաբերելին, կազմելին, վերայօդելին: Կայացնել լեզուն անո՛ր իսկ մտածման մէջ: Սգալ կորուստը, այնպէս մը, որ այդ սուգը ըլլայ համամարդկային: Մտածել կորուստը, հիանալիօրէն շրջել կորուստի ընդունուած ըմբռնումը՝ ժողովուրդը չէ, որ լեզուն կը կորսնցնէ. իր մօտ լեզո՛ւն է, որ կը կորսնցնէ իր ժողովուրդը, կը մնայ անժողովուրդ լեզու: Ժողովուրդը լեզու է գլխաւորաբար. աշխարհը լեզու է. այն ինչ որ կը կոչեն իրականութիւն, երեւոյթ, նոյնիսկ էութիւն՝ լեզուով է, որ կը կազմուին, կ՛արտայայտուին, կը գոյանան, կը կայանան, կ՛ընկալուին: Լեզուն կա՛յ, իսկ այն ինչ որ կը կոչենք «մեռեալ լեզու», Պըլտեանի համար կը նշանակէ մեռեալ ժողովուրդ: Երբ լեզուն կորսնցնէ իր ժողովուրդը, չի դադրիր մնալէ որպէս արժէք ու աշխարհ. ճիշդ ինչպէս հոմերոսեան ու նարեկեան լեզուները կան այսօր՝ առանց իրենց ժողովուրդներուն:
Պըլտեան, գրեթէ առանձին՝ լեզու մը կը կրէ, լեզու մը կը բանի, լեզու մը կը հաստէ: Լեզուն կը կայանայ գրողի արարումով, որ կը մնայ: Մնացողը ոչ թէ ժողովուրդն է, այլ լեզուն, գրականութիւնը, այսինքն՝ տեւականացուած լեզուն: Աշխարհ ու իրականութիւն չկան եթէ ոչ լեզուի մէջ: Մանտրաներ հաւաքածոյի ներածականէն մաս մը կ՛ակնարկէ անոր, եւ կը կապէ զայն լեզուի դժուարութեան, անկարելիութեան, աղէտին՝ թէ՛ որեւէ լեզուով գրելու ատեն, եւ թէ՛ մեր աղէտին՝ սփռումի, սփիւռքի մէջ:
Յօդուածով մը տարիներ առաջ հարց տուած էի, թէ ինչո՞ւ այս մարդիկը կը գրեն հայերէնով, երբ կրնային միլիոնաւոր ընթերցողներ ունենալ այլ լեզուով: Պատասխանը հասաւ Պլըտեանէն եկած ե-նամակով մը. կ՛աւարտեմ զայն մէջբերելով. «Փաստը այն է որ միլիոնաւոր ընթերցողները լքեր են անոնք՝ ժողովուրդի մը համար, որ կարծես լեզու չունի, եւ մարդ կը խորհի թէ անպայման պէտք է ունենայ, այլապէս մարդկութենէն բան մը կը պակսի: Ահա պատասխանի սկիզբ մը…»։
Իմ կողմէս՝ նկատեցէ՛ք պակսութեան եւ կորուստին ենթական, որ մենք չենք, այլ մարդկութիւնը, ուր եւ կը նայի եւ ուր կ՛ապրի Պլըտեանի գրականութիւնը: Կեցուածքի հարց է: Եւ եթէ պիտի մեռնի հայերէնը՝ ապա ի՛նչ փառաւոր վերջնական ցոլավառում: