ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».- «Առաւօտ» զրոյց մը ունեցած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն 18 ընտրատարածքին մէջ 32 հազար ձայն հաւաքած Արայիկ Գէորգեանի հետ։ Անոր ուղղուած է հարցում մը, թէ նկատի ունենալով այն, որ ինք թէեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած է, բայց Հայաստանի նախագահին եւ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ եւս աջակցութիւն ստացած է, ուստի Ազգային ժողովին մէջ ի՞նչ կեցուածքով հանդէս պիտի գայ։ «Ես անկուսակցական եմ եւ խորհրդարանում լինելու եմ անկախ պատգամաւոր: Որեւէ խմբակցութեան մէջ չեմ մտնելու», հաստատած է Գէորգեան։
«Շնորհակալ եմ ե՛ւ Դաշնակցութեանը, որ իմ թեկնածութիւնը առաջադրեց, ե՛ւ Հայաստանի նախագահին, որն աջակցեց ինձ: Շնորհակալ եմ յատկապէս իմ ընտրողներին: Ընտրատարածքում իրական մրցակցութիւն կար, ինչն էլ ստիպեց մեր թիմին աւելի կազմակերպուած աշխատել եւ մօտ 3 անգամ աւելի ձայն հաւաքել, քան երկրորդ տեղը գրաւած թեկնածուն: Բնականաբար, ժողովրդի այսպիսի վստահութիւնը պարտաւորեցնող է: Խորհրդարանում հիմնականում կը համագործակցեմ Հանրապետական խմբակցութեան հետ», նշած է ան:
«Վստահ եմ՝ կը լինեն նաեւ հարցեր, երբ իմ մօտեցումները կը համընկնեն Դաշնակցութեան հետ: Այդ կուսակցութիւնում շատերն իմ ընկերներն ու բարեկամներն են եւ միասին երկար ճանապարհ ենք անցել», եզրափակեց Արայիկ Գէորգեան: