ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Մարմարա».- ՆԱԹՕի գերաստիճանի ծիրէն ներս, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի նախաձեռնութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցած է Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն միջեւ. ընթացքին Կիւլ Ֆրանսուա Հոլանտէն խնդրած է «նոր էջ բանալ» երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ: Ըստ Թուրքիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին, Հոլանտ պատրաստակամութիւն յայտնած է «սխալ ըմբռնումներով ժամանակ կորսնցնելու փոխարէն՝ յարաբերութիւնները հասցնելու նախկին մակարդակին», աւելցնելով, թէ Թուրքիոյ հարցը Ֆրանսայի ներքին քաղաքականութեան նիւթ պիտի չդարձնէ:
Միւս կողմէ, թրքական լրատուական աղբիւրներ կը գրեն, թէ Ֆրանսայի մէջ նախագահը փոխուած է, բայց Հայկական Ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը չէ փոխուած, եւ մօտալուտ կը նկատեն այդ մասին նոր տագնապ մը։