ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կրնայ զսպել իրանեան սպառնալիքը՝ օժանդակելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման. այս մասին «Քոքըսըս Ինթըրնեշընըլ» ամսագիրին մէջ հրապարակուած յօդուածի մը մէջ գրած է «Հերիթեճ» հիմնադրամի փորձագէտ Արիէլ Քոհեն:
«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորման հարցով աւելի մեծ ջանքեր գործադրելու պարագային, Ամերիկա աւելի մեծ հնարաւորութիւններ պիտի ունենայ իրանեան հարցի լուծման համար», նշած է ամերիկացի փորձագէտը, որ շեշտած է, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ «Թեհրան Լեռնային Ղարաբաղի հարցով կը պահպանէ իր չէզոքութիւնը, այնուամենայնիւ, վերջինիս ձեռնտու է, որ Ատրպէյճան շարունակէ տկարանալ: Այդ միջոցաւ, կարելի պիտի ըլլայ զսպել Իրան բնակող ատրպէյճանական փոքրամասնութեան կողմէ առաջ բերուող պահանջներուն տարափը»:
Միւս կողմէ, ռուս քաղաքագէտ Մաքսիմ Մինաեւ յայտարարած է, որ նորընտիր նախագահ Վլատիմիր Փութին իր գործողութիւններով ցոյց կու տայ, թէ մինչեւ Դեկտեմբեր, Մոսկուա աւելիով պիտի աշխուժացնէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդական աշխատանքները:
«ՀԱՊԿի նիստէն եւ ԱՊՀ ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովէն ետք յստակ դարձաւ, որ Մոսկուա կը փափաքի աշխուժացնել հակամարտութիւններու լուծման իր միջնորդական առաքելութիւնը: Ամենայն հաւանականութեամբ, մինչեւ Դեկտեմբեր կը սկսին Ղարաբաղի հարցով ըստ էութեան աշխատանքները: Մոսկուան արդէն առկայ բանակցային փաթեթի շրջանակով՝ նախ առանձին-առանձին կը բանակցի Պաքուի եւ Երեւանի հետ, որոնցմէ կախեալ պիտի ըլլայ բանակցային գործընթացի զարգացումը», ըսած է ռուս քաղաքագէտը եւ աւելցուցած, որ Ռուսիոյ նոր ղեկավարութիւնը հաշուի պիտի առնէ այդ ուղղութեամբ նախկին նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի կատարած աշխատանքը»: